ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ
Կիրակի, Հոկտեմբեր 22ին, Լոս Անճելըսի «Ուիլշըր Իպէլ» ընդարձակ թատերասրահը 90 տոկոսով լեցուն էր որակաւոր հայ եւ ոչ-հայ արուեստասէրներով, որոնք հոն ժամանած էին լսելու համար հռչակաւոր զոյգը՝ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը եւ հայազգի երգիչ Անտրէն։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի եւ Պոլսահայ միութեան միացեալ ճիգերով:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան համերգի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ, Պոլսահայ միութեան անդամ Նուրհան Իշխանեան եւ նոյն յանձնախումբի անդամուհի, Համազգայիի Արեւմտեան Ամերիկայի ներկայացուցիչ Վիլմա Գույումճեան, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին սոյն իւրայատուկ համերգին համար՝ նշելով, որ Սիպիլը եւ Անտրէն կը ներկայացնեն բանաստեղծական շունչով գր-ուած երգեր:
Պոլսահայ երաժշտասէրներուն կողմէ անհամբերութեամբ սպաս-ուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ Սրահին մէջ ստեղծուած էր ջերմեռանդ մթնոլորտ։ Սիպիլ ընտրած էր ճոխ երգացանկ մը. ծրագիրին գործադրութիւնը տեւեց աւելի քան երկու ժամ։ Ան իր զուլալ ձայնով դիւթեց ներկաները եւ այսպիսով ինքնաբերաբար վերահաստատեց նաեւ պոլսահայ եւ տարբեր համայնքներու կողմէ բաժնուած արժէքները։ Համերգը իր կատարողական բարձր արուեստով անկրկնելի նուէր մըն էր հայ երաժշտասէր հանրութեան:
Երազային էր տեսնել բարձրարուեստ Սիպիլի ներկայութիւնը: Կրկնապատիկ վայելք էր նաեւ Անտրէի ընկերակցութիւնը: Յայտագիրը կը յորդէր անոնց լայնածիր եւ համաշխարհային, առանձին թէ միասին երգերու ցանկով: Յայտագիրը կազմուած էր մեծ մասամբ հայկական եւ քանի մը անգլերէն ժողովրդամերձ երգացանկով, նպատակ ունենալով ուրախ պահեր շնորհել ներկաներուն:
Համերգի առաջին մասով ելոյթ ունեցաւ Սիպիլ, ընկերակցութեամբ Ազգ. Ալէք Փիլիպոս վարժարանի երգչախումբին՝ «Աւետեաց Երկիր» երգով։ Սիպիլ յայտնեց, թէ շատ մեծ յոյսով սպասած էր այս օրին՝ շեշտելով, թէ աշխարհի չորս կողմը տարածուած ըլլալով, մեր երաժշտութեամբ եւ երգերով մեր սիրտերը կը միանան:
Սիպիլ իր հրեշտակային ձայնով ու զգայացունց մեկնաբանութեամբ գերեց ներկաները՝ անոնց հրամցնելով դասական ու ժողովրդական երգերու, ինչպէս նաեւ յատուկ իրեն համար յօրինուած երգերու ցանկ մը: Կատարուեցան՝ «Նամակ»ը (խօսք՝ Յ. Շիրազի, երաժշտութիւնը՝ Մաժակ Թօշիկեանի), «Տարիներ, տարիներ»ը, «Կարմիր Ծաղիկ»ը՝ զուգերգ Անտրէի հետ, եւ «Եարխուշտա»ն՝ մեներգ Անտրէի, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Ապա Համազգայինի «Լիլիա Մարգարեան» պարախումբը, որ մշակոյթի ճամբով դեսպանի առաքելութիւն կը կատարէ, հմայեց հանդիսատեսները՝ արժանանալով անոնց անվերջ ծափահարութիւններուն:
Այնուհետեւ, դարձեալ բեմ բարձրացաւ Սիպիլ եւ մեներգեց «Ատանայի ողբը», «Կիլիկիա»ն, իսկ ժողովուրդի ջերմ փափաքով՝ կրկնեց «Time To Say Goodbye»ը:
Անտրէն, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիսատեսներուն եւ լուսաւոր հոգի ունեցող իր գործընկերուհիին՝ Սիպիլին:
Կարճ դադարէ մը ետք, յայտագիրի երկրորդ բաժինով ներկայացուեցաւ «Վանայ լիճ»ը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ (Վահան Բզնունի), թաւջութակով (Արտիոմ Մանուկեան) եւ կիթառով (Առագաստ Արամեան): Ապա, Սիպիլ ներկայացուց «Բարի Արագիլ»ը, «Սէր»ը (խօսք՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան) եւ «Ով սիրուն սիրուն»ը՝ զուգերգ Անտրէի հետ. երգչախումբը ներկայացուց «Once upon a Decem-ber»ը, ապա ոգեւորիչ էին «Ազգ փառապանծ»ը, «Մեր լեզուն» եւ «Գետաշէն»ը՝ պարախումբի ընկերակցութեամբ:
Սոյն համերգը ամբողջ երկու ժամ գրաւեց հանդիսատեսները. ընթացքին դաշնակահարը ունկնդիրներուն ներկայացաւ առանձինն՝ դաշնակի վրայ ցուցադրելով իր ճարտարութիւնը:
Երգիչները, պարախումբն ու երգչախումբը կրցան իրենց ելոյթներուն ընդմէջէն վերականգնել հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը, որ վերածուեցաւ ներշնչման աղբիւրի մը եւ երգի, նուագի ու պարի ամբողջական ներկայացումի: Ներկայացման ընթացքին հնչեցին հայ երգի այնպիսի փունջեր, որոնք ամէնէն աւելի կը խօսին ժողովուրդի սրտին: Հնչեցին թովիչ ձայներ, մատուցուեցան գեղեցիկ պարեր։ Բոլորն ալ, երաժշտութեան ճամբով, դարձեալ հոգեկան անհուն վայելք տուին բոլորին՝ ներկայացնելով հայ մշակոյթի գանձերը:
Ծափահարութիւնները երկար եւ ուժգին հնչեցին համերգի աւարտին, կարծես ոչ ոք կը փափաքէր հարազատ ու ջերմ մթնոլորտին հրաժեշտ տալ, որովհետեւ պոլսահայ իւրայատուկ ձայնը իր հետքը ձգած էր ներկաներու սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Իրապէս, որ Սիպիլ, իր բիւրեղային փայլուն ձայնով գերեց ներկաներու հոգիները:
Շնորհակալութի՛ւն բոլոր կատարողներուն, խմբավարին, երաժշտական ղեկավարին եւ բոլոր անոնց, որոնք դժուարին աշխատանք տարին այդ երեկոյ, մանաւանդ՝ Համազգայինի, որ մասնակից դարձաւ Պոլսահայ միութեան հետ սոյն գիշերը յաջողցնելու գործին:
Հանդիսատեսները մեկնեցան՝ իրենց հոգիներուն մէջ հաւատալով, որ մեր մշակութային արժէքներն են, որոնք մեզ պահեցին ու պահպանեցին եւ մեզի տուին ինքնուրոյն գոյն, երանգ ու դիմագիծ: