ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- Երեքշաբթի, 24 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, արցախա-ատրպէյճանական սահմանգիծի կարգ մը հատուածներու մէջ, հակառակորդը զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով եւ ականանետներով հարուածած է հայկական տարածքները:
Մասնաւորապէ՝ Մարտակերտի եւ Մարտունիի պաշտպանական ուղղութիւններով՝ հայկական դիրքերուն վրայ ատրպէյճանական ուժերը 60 մմ.ոց ականանետներէ արձակած են 23 արկեր: Արկակոծութեան հետեւանքով Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները որեւէ կորուստ չեն ունեցած: