Պրիւքսէլ իր կեցութեան կարճ շրջանին, Արամ Ա. վեհափառը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բարերար ամոլ՝ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն հետ: Ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան նոյն ժամանակ ատենապետն է յիշեալ թանգարանի յանձնախումբին:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ թանգարանի յանձնախումբի փոխատենապետ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:
Հայր սուրբը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց թանգարանին աշխատանքները, իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ եւ օտար շրջանակներուն թանգարանին նկատմամբ աճող հետաքրքրութեան, այցելուներու թիւի աճին, ինչպէս նաեւ պարզեց կարգ մը ծրագիրներու իրագործման կարեւորութիւնը:
Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները սիրով յանձն առին հոգալ կատարուելիք աշխատանքներուն ծախսերը: Ապա քննարկուեցան թանգարանը աւելի զարգացնելու կարելիութիւնները:
Այս առիթով, վեհափառը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ազգային բարերարին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար: