ՇԷԹԹԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Տեսլականները շօշափելի իրականութեան վերածելը կ՛ենթադրէ անխախտ հաւատք, յարատեւ ջանք ու անսակարկ նուիրում, իսկ երբ այդ տեսլականին առաջնահերթ նպատակներէն մէկն է մշակոյթի ծիրէն ներս ծառայել ու նպաստել Հայրենիք-Սփիւռք կապի ամրապնդման, քայլ մը առաջ անցնելով՝ նոյն այդ տեսլականը կը վերածուի վսեմ առաքելութեան: Ըստ արժանւոյն, տեղին է յիշել, թէ մշակութային, կրթական, ընկերային ու մարդասիրական ոլորտները ընդգրկող վերոյիշեալ տեսլական-առաքելութիւնը, արգասիքն է կեդրոնի հիմնադիր եւ նախագահ Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանի եւ խումբ մը երիտասարդ անդամներու մտայղացման:
Ահա այսպիսի առաքելութեան մը մեկնարկին ականատեսը եղաւ թորոնթոհայութիւնը, երբ Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2017ին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովանիին ներքոյ տեղի ունեցաւ Գանատահայ համայնքի ծառայութիւններու «Բարեւ» կեդրոնի հանդիսաւոր բացումը, հովանաւորութեամբ՝ Գանտահայոց առաջնորդ Աբգար եպս. Յովակիմեանի:
Նախքան հանդիսութիւնը, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Գանատահայոց թեմի փոխառաջնորդ Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանի:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ «Բարեւ» կեդրոնի վարչութեան անդամ-անդամուհիներու, ինչպէս նաեւ կամաւորներու օրհնութիւնը, որուն աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Գանատահայոց թեմի առաջնորդը։
Այնուհետեւ, դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեան ընթերցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրը՝ ուղղուած բրշ. Պերճ սրկ. Լուլէճեանին հայրենիքին, Արցախին եւ հայոց բանակին մատուցած իր ծառայութիւններուն եւ Հայաստանի «Երախտագիտութեան մետալ»ով պարգեւատրումին առթիւ, որմէ ետք երախտիքի իր խօսքերու աւարտին յանձնեց շքանշանը: