Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը սփիւռքահայ գրողներ: Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ սփիւռքահայ հայագիր եւ օտարագիր գրողներու համաժողովը: Կաթողիկոսը «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ հիւրընկալեց այդ համաժողովի մասնակիցները՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեանի:
Հանդիպման սկիզբը, Միլիտոնեան վեհափառին ներկայացուց համաժողովի մասնակիցները եւ բացատրութիւններ տուաւ անոնց կողմէ ծաւալած քննարկումներուն շուրջ: Իր կարգին, հայրապետը իր գնահատանքը փոխանցեց սփիւռքահայ գրողներուն՝ ուրախութիւն յայտնելով Հայաստանի մէջ պարբերաբար կազմակերպուած հայ գրողներու համաժողովներուն համար: Ան օգտակար նկատեց նման ձեռնարկները, որոնք առաւել արդիւնաւոր կը դարձնեն հայ գրողի առաքելութիւնը ազգային կեանքէն ներս: Վեհափառը կարեւոր նկատեց նաեւ սփիւռքահայ գրականութեան տարածման խթանումը Հայաստանի մէջ, որպէսզի հասարակութիւնը հաղորդ դառնայ հայագիր կամ օտարագիր գրողներու կողմէ ստեղծուած արժէքաւոր գրական ժառանգութեան:
Զրոյցի տեւողութեան հայրապետը մտահոգութիւն արտայայտեց ազգային կեանքէ ներս գոյութիւն ունեցող ազգային-բարոյական արժէքներու նահանջին կապակցութեամբ: Այս իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ ան կարեւոր համարեց հայ գրողներու, մտաւորականներու առաքելութիւնը: Ըստ անոր՝ հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները պէտք է նպաստեն երիտասարդութեան մէջ հայրենասիրութեան ոգիի, ազգային գիտակցութեան ու նկարագիրի ձեւաւորման: Այս առումով կաթողիկոսը շահեկան նկատեց գործակցութիւնը Հայ եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր դասուն հետ:
Իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցելով համաժողովի մասնակիցներուն՝ կաթողիկոսը պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու հայագիր եւ օտարագիր հայ գրողներուն, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հնարաւորութիւնները ծառայեցնելու ազգօգուտ նման ձեռնարկներու կազմակերպման համար: Ան մաղթեց, որ հայ գրողները շարունակեն իրենց ստեղծագործական կեանքով ծառայութիւն բերել հայ ժողովուրդին: