ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանը գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայկական եկեղեցիէն գողութիւն կատարուած է:
Ըստ «Էրմէնիհապեր»ի՝ կողոպտիչները կրցած են եկեղեցիէն քանի մը իրեր գողնալ, սակայն ստիպուած եղած են փախչելու, երբ տեսնուած են՝ մեծ սրբապատկերը եւ խաչը եկեղեցիէն դուրս բերելու ընթացքին:
Սրբապատկերը եւ խաչը տեղւոյն վրայ ձգելով՝ անոնք փախուստ տուած են, իրենց հետ տանելով գողօնին միւս մասը: Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն բացած է: