
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Լիբանանի մէջ 1968ին իր գրասենեակը բանալէն ի վեր, «Ամիտիսթ» (AMIDEAST) իր օժանդակութիւնները տրամադրած է հազարաւոր լիբանանցի ուսանողներու, որոնք կազմակերպութեան աջակցութեամբ կրցած են Միացեալ Նահանգներու մէջ իրենց ուսումը շարունակել։
Միայն վերջին քանի մը տարիներուն,«Ամիտիսթ»ի Օժանդակութեամբ Մարդկային Իրաւանց Ապագայ Փաստաբանը՝ Լիբանանահայ Լորի Եունիսես»ի տրամադրած 18 միլիոն տոլարի կրթանպաստներով հարիւրէ աւելի ուսանողներ սկսած են յաճախելու ամերիկեան համալսարաններ։ Անոնցմէ մէկն է լիբանանահայ Լորի Եունիսեսը, որ այս տարեշրջանին համալսարանական իր ուսումին պիտի սկսի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ամերիկեան համալսարանէն ներս։
Լորիի համակարգիչներու ծրագիրներ պատրաստող հայրն ու անոր ուսուցիչ մայրը իրենց միակ զաւակը մի՛շտ յորդորած են հետեւիլ ամենաբարձր մակարդակի ուսման։ Նիւ Եորքի մէջ ուսանողական խորհրդաժողովի մը մասնակցելու առիթը ունենալէ ետք, Լորի համոզուած է, որ նման ուսման կարելի է հետեւիլ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ այդ պատճառով ալ ընտրած է այս ճամբան։
Անոր հետաքրքրութիւնը կեդրոնացած է յատկապէս սեռային խտրականութեան իբրեւ հետեւանք իրագործուող բռնարարքները կասեցնելու ջանքերուն վրայ, որուն համար ալ ան ընտրած է միջազգային յարաբերութեանց եւ մարդկային իրաւանց առնչուող օրէնսգիտութեան մասնագիտութիւնները։

Իր երազը իրականացնելու յոյսով, Լորի դիմած էր «Ամիտիսթ»ի Օժանդակութեամբ Մարդկային Իրաւանց Ապագայ Փաստաբանը՝ Լիբանանահայ Լորի Եունիսես»ի Մրցակցային համալսարանական ակումբի կրթանպաստի ծրագիրին, որուն ընտրեալները կը ստանան օժանդակութիւն՝ ամերիկեան համալսարաններ դիմելու եւ ընդունուելու գործընթացի տարբեր հանգրուաններուն ընթացքին։ Այս ծրագիրին միջոցաւ, Լորի ծանօթացած է օտար ուսանողներու տրամադրուող՝ Ամերիկեան համալսարանի միակ կրթանպաստին եւ դիմած է անոր։
Շնորհիւ իր բարձր նիշերուն եւ արտադասարանային հարուստ գործունէութեան՝ Լորի արժանացած է այս տարուան միակ կրթանպաստին, հակառակ անոր որ դիմողներուն թիւը հասած էր 1225ի։ Լորի կը հաւատայ, որ «Ամիտիսթ»ի Օժանդակութեամբ Մարդկային Իրաւանց Ապագայ Փաստաբանը՝ Լիբանանահայ Լորի Եունիսես»ի ցուցաբերած աջակցութիւնը եւս վճրական դեր ունեցած է Ամերիկեան համալսարանի որոշումին մէջ, յատկապէս՝ որովհետեւ այդ կազմակերպութիւնը շեշտը դրած է կամաւոր աշխատանքները բազմացնելու կարեւորութեան վրայ։
Լորի ծնած եւ հասակ նետած է Լիբանանի մէջ, շրջանաւարտ է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլեճէն։ Ան սերտ կապեր ունի իր ծննդավայրին եւ իր հայ ինքնութեան հետ, եւ այդ իսկ պատճառով որոշած է միջազգային օրէնքի մարզէն շրջանաւարտ ըլլլալէ ետք՝ նպաստել Լիբանանի բարգաւաճման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ջանքերուն։ Ան կը յուսայ նաեւ կրթանպաստի հիմնադրամ մը հաստատելու ճամբով՝ նպաստել Լիբանանի կարիքաւոր աշակերտներուն։
Նշենք, որ «Ամիտիսթ»ի եւ անոր Լիբանանի խորհրդակցական մարմինին համագործակցութեամբ, Հոկտեմբեր 14ին, Պեվըրլի Հիլզի մէջ պիտի կայանայ «Կրթական Հերոս» անունով անդրանիկ ձեռնարկը, որուն ընթացքին պիտի մեծարուի նորոգ հանգուցեալ բարերար եւ գործարար Մարուն Սըմաանը: Միջին Արեւելքի մէջ կրթական սպասարկութիւններ մատուցող «Ամիտիս»չ կազմակերպութիւնը (www.amideast.org) հիմնուած է 1951ին՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, եւ գրասենեակներ ունի Միջին Արեւելքի ու հիւսիսային Ափրիկէի տարածքին: Նշեալ ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսեր ապահովելու համար, այցելել AMIDEASTgala.com կայքը: