ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շաբաթ, 26 Օգոստոսի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կարապալա» խումբին ելոյթը։
Համերգը սկսաւ «Շողոտ-շաղոտ» երգով, ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հրակ Գարագաշեան: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց «Կարապալա»ի ծնունդը եւ ըսաւ, որ «Կարապալա»ն հիմնուած է 6 տարի առաջ Այնճարի մէջ՝ գեղարուեստական յայտագիրի մը մաս կազմելու նպատակով: Երեք տարի ետք ելոյթով մը հանդէս եկած է լիբանանահայ հանդիսատեսին առջեւ, իսկ այսօր՝ կրկին երեք տարի ետք, կը ներկայանայ հանդիսատեսին երաժշտական խումբի առաջին խտասալիկի հրապարակման առիթով: Հրակ Գարագաշեան ձեռնարկի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնած են խումբի յաջողութեան:
Նշենք նաեւ, որ բոլոր ներկաները ստացան «Կարապալա«ի հրապարակած խտասալիկներէն:
«Կարապալա»ի երաժիշտներն են՝ Ալին Նագգաշեան (երգ), Հրակ Գարագաշեան (կիթառ եւ երգ), Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան (ջութակ), Արամ Փափազեան (հարուածային գործիքներ), Շահան Քիլաղպեան (քոնթրպաս), Սեպուհ Այնթապլեան (ձեռնադաշնակ) եւ Յակոբ Հարֆուշեան (սաքսոֆոն):
Երաժիշտները շուրջ մէկուկէս ժամ ներկայացուցին հայկական ժողովրդական երգերու գեղեցիկ երգացանկ մը, ինչպէս՝ «Չեմ կրնայ խաղայ», «Կաքաւիկ», «Ոստիկան», «Ես սարէն կու գայի», «Մեր տան իտեւ», «Խօսքեր», «Կեանքում ապրել ու սիրել», «Թամամ աշխարհ Պըտուտ էկայ-Փահրադըն միռած -Շիրինն ասաց», «Սեւ պլուզ», «Մոկաց հարսներ», «Նահնա ուալ ամար ժիրան-շաթթի եա տընյի» եւ «Էծ» երգերը: Ուշագրաւ էին «Ճանիման», «Արի-արի-Ղափամայ», «Նուպար-Արա վայ» եւ «Հապրպան» երգերու գեղեցիկ կատարումները, որոնք մեծապէս խանդավառեցին մթնոլորտը:
««Կարապալա»ն մեծ վարպետութեամբ ու բարձրորակ կատարումներով յաջողեցաւ ո՛չ միայն արդիական ձեւով ներկայացնել հայկական ժողովրդական երգերը, այլեւ հարազատօրէն հրամցուց տարբեր ժամանակներու ու ազգագրական շրջաններու հայկական ժողովրդական արգասիքները գեղարուեստական ամբողջ խորութեամբ:
Ծափողջոյններ, յոտնկայս եւ երկար ծափողջոյններ, քանզի հանդիսատեսը սքանչացած էր «Կարապալա» խումբի բարձրորակ ելոյթով եւ չէր ուզեր, որ անիկա աւարտի», կը գրէ «Ազդակ» օրաթերթը: