ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դուք «Ասպարէզ»ին կենաց ըսիք՝ նուիրատուութիւն կատարելով, հեռաձայնելով, բարեմաղթանքներ փոխանցելով, մեր մասին ձեր հոգատարութիւնը արտայայտելով:
Տակաւին քանի մը օր պիտի շարունակուին այս կենացները, ուստի կը դիմենք անոնց, որոնք տակաւին առիթը չեն ստեղծած արտայայտուելու, որ վերցնեն իրենց բաժակները եւ յիշեն «Ասպարէզ»ը:
Թամատայի իրաւունք տալով մենք զմեզ՝ կ՛ուզենք, իբրեւ ձե՛ր կենացը, մաղթել ձեր բոլոր իղձերուն՝ անձնական, ընտանեկան թէ ազգային, իրականացումը. մի՛շտ շրջապատուած մնաք ձեր սիրելիներով, ըլլաք առո՛ղջ եւ յաջո՛ղ ձեր գործերուն մէջ, ձեր դաւանած մարդկային եւ ազգային արժէքներուն տիրացած զաւակներով բախտաւորուիք եւ՝ անպակաս մնաք «Ասպարէզ»ի կեանքէն, անոր չափ երկա՜ր ապրիք:
Տարեդարձի նուիրատուութիւնները կը շարունակուին մինչեւ Օգոստոս 31:
Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեան՝ 500 տոլար
Primex Clinical Laboratories՝ 500 տոլար
Պերճ եւ Մէրի Կարապետեան՝ 500 տոլար
Արամ եւ Մարի Սարհատեան (Թեքսաս)՝ 200 տոլար
Հրաչ եւ Ծաղիկ Գատեան՝ 200 տոլար
109 տոլար կը նուիրեն՝
Անահիտ Խաչիկեան
Տէր եւ տիկ. Գրիգոր Յովսէփեան
Գէորգ եւ Սուսիկ Չէքիճեան
Ալիս Թաթեան
Լեւոն եւ Այրին Քէշիշեան
Տիգրան եւ Վեհանոյշ Հաւաթեան
Փոքրիկներ Նայրա եւ Կոմիտաս Մարոնեան
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մասնաճիւղ
Նշան Ջաղացպանեան
Երեմիա Տէկըրմէնճեան (Փենսիլվենիա)
Շաքէ Ճերմակեան-Ուրլեան (Միշիկըն)
Հրայր եւ Աստղիկ Թէճիրեան
Pacific Stone Designs
50 տոլար կը նուիրեն՝
Փօլ Ճամուշեան (Վըրճինիա)
Արթին եւ Զարուհի Այգօղլու
Ալեք եւ Էլիզապէթ Բուլադեան
Կը սպասենք ձեր արձագանգին: