ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու պատասխանատու մարմինները ամրան եղանակը օգտագործեցին որոշ բարեփոխումներու ենթարկելու համար վարժարանին կարգ մը բաժինները, առ ի պատրաստութիւն ուսումնական 2017-18 տարեշրջանին։
Երկուշաբթի, Օգոստոս 14ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, տեղի ունեցաւ նոր խաղավայրին, նոր դասարանի մը եւ յիշատակի պարտէզին բացման արարողութիւնը։ Ներկայ էին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեան, հոգաբարձութեան ներկայացուցիչը, տնօրէնուհին՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը, ուսումնական մարմինի եւ անձնակազմի անդամներ, շրջանի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ ու բարերարներ, որոնց շարքին, նոր բաժանմունքներուն համար նուիրատու ընտանիքները՝ տէր եւ տիկին Մայքըլ եւ Լարա Չագմագճեաններ, տէր եւ տիկին Մուրատ եւ Լօրա Ուխտենցներ ու տէր եւ տիկին Ռազմիկ եւ Ռիթա Յովսէփեաններ։ Ուխտենց ամոլը հովանաւորած էր նոր պարտէզը ի յիշատակ իր վաղամեռիկ դստեր՝ Մելընիի։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց կատարուած աշխատանքներու ընդհանուր վերակացուն՝ Էմիլ Թադեւոսեանը, որ ապա հրաւիրեց տնօրէնուհին՝ արտասանելու իր խօսքը։
Դոկտ. Քարկոտորեան հակիրճ կերպով խօսեցաւ ամրան ընթացքին իրականացած աշխատանքներուն մասին եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բարերաներուն ու աշխատանքը իրականացնողներուն։ «Շամլեանի Աստղ» յուշանուէրները յանձնուեցան կամաւոր աշխատողներուն ու ծառայողներուն, իսկ բարերարներուն նուէր տրուեցան յուշատախտակներ։
Սրբազանը, մեկնելով բանաստեղծին «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» բառերէն՝ նկատեց, որ այս վարժարանի նուիրեալները եւս «խենթեր» են, որոնք վարժարանի կալուածին այլապէս սահմանափակ տարածքին ստեղծած դժուարութիւնները կը յաղթահարեն՝ նմանօրինակ ծրագիրներ իրագործելով եւ նպաստելով վարժարանի բարեզարդման ու ծաղկման։ Ան նշեց, որ այս բարեփոխութիւնները դրական անդրադարձ պիտի ունենան աշակերտներու ուսումնական վիճակին վրայ, գոհ պիտի ձգեն եւ ուրախացնեն ծնողները եւ նոր նուաճումներու պիտի հասցնեն վարժարանը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ վարժարանի նուիրեալներուն ու բարերարներուն մասին՝ մաղթելով, որ նման բարեզարդումներ արձանագրուին նաեւ ապագային։
Այնուհետեւ, ներկաները առաջնորդուեցան դէպի նորակառոյց ու բարեզարդուած բաժինները եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան տարուած աշխատանքին մասին։
Նշենք, որ նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ա. դասարանի աշակերտներու ծնողներուն վերամուտի հանդիպումը։