ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Օգոստոս 11ին, 12ին եւ 13ին, յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի անդամներ Սան Ֆրանսիսքոյի Ծովածոց եւ Ֆրեզնօ քաղաքը այցելած են՝ Հայ Դատին կատարած հանրային երեք քննարկումներու համար:
Սան Ֆրանսիսքոյի, Սանիվէյլի եւ Ֆրեզնոյի մէջ կայացած այս հաւաքներուն ընթացքին, քննարկումներ տեղի ունեցած են Հայ Դատի նպատակներուն եւ առաջնահերթութիւններուն, տեղական աշխատանքներուն, համայնքներու աշխուժացման ջանքերուն եւ վարժողական ծրագիրներուն շուրջ։
«Վարչութեան նախաձեռնած այս հաւաքներուն նպատակն էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանէն հեռու գտնուող այս համայնքներուն հետ ուղղակի քննարկումներու ճամբով կարծիքներու փոխանակում իրականացնել՝ Հայ Դատի ղեկավարութեան հետ։ Շատ բաներ սորվեցանք մեր այս շփումներուն շնորհիւ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մեր համայնքներուն, այս հաւաքները հիւրընկալելու համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեան:
Այս շրջապտոյտէն օգտուելով՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցած են նաեւ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի հետ՝ քննարկելով հայութիւնը յուզող հարցեր։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները նախ շնորհակալութիւն յայտնած են փոխնահանգապետին, որ իր քաղաքական 20ամեայ ասպարէզին ընթացքին միշտ նեցուկ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն, որմէ ետք քննարկումները կեդրոնացած են յատկապէս Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տնտեսական կապերը սերտացնելու աշխատանքներուն եւ յատկապէս՝ Երեւանի մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտուրի գրասենեակը վերաբանալու ծրագիրին վրայ։
Շեշտուած է, թէ համագործակցութեան լայն կարելիութիւններ կան յատկապէս գինիի արտադրութեան եւ արդի արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ։ Նաեւ, քննարկուած է նահանգին ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշելու արշաւը, որ նախաձեռնութիւնն էր ՀԵԴին եւ որ նահանգային խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած էր Հայ Դատի եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի ջանքերուն շնորհիւ։
Իր կարգին, Նիւսըմ մտահոգութիւն յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմին ծանուցումները արգիլելու մասին «Ամերիքանա» շուկայի որոշումին առթիւ։
Նշենք, որ վերոյիշեալ համայնքային հանդիպումները առաջնորդած են Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեանն ու վարչութեան անդամներ Սագօ Պէրպէրեանը, Ռաֆֆի Քասախեանը, Անահիտ Օշականը, ինչպէս նաեւ՝ օրէնսդրական հարցերով խորհրդական Հայկ Պաղտասարեանը, համայնքային զարգացման համակարգող Արամ Մանուկեանն ու գործավար Սարին Պոյաճեանը։