ԵՐԵՒԱՆ.- 12 Օգոստոսին, Խոսրովի Անտառ պետական արգելոցի տարածքին մէջ բռնկած հրդեհը 17 Օգոստոսին մարած է: Հայաստանի բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան, լրագրողներու ներկայացնելով հրդեհաշիջման աշխատանքներուն ընթացքը՝ նշեց. ,13 Օգոստոսին, պարզելով հրդեհի ծաւալները՝ Հայաստանի նախագահին եւ վարչապետին դիմելու անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ, որպէսզի անոնց որոշումով միջազգային օժանդակութիւն խնդրենք: Միջազգային օժանդակութեան եղաւ առաջարկ, որուն արձագանգեց Ռուսիան եւ համապատասխան օդանաւը հասաւ Հայաստան: 16 Օգոստոսի երեկոյեան վերացած էին հրդեհին հիմնական օճախները։ Այդ բոլորին նպաստեց նաեւ տեղացած, թէեւ ոչ յորդառատ, անձրեւը: Հիմա կան իրականացուելիք աշխատանքներ, որովհետեւ կան ծխացող օճախներ, զորս պէտք է վերջնականապէս վերացնել: Գործողութիւնները կը շարունակուին, եւ անոնց մէջ ընդգրկուած են Հայաստանի զինուժի ծառայողները, որոնց կը յայտնեմ իմ շնորհակալութիւնը:
Վնասի մասին խօսելով, պէտք է նկատի ունենալ, որ ,պետական արգելոցե կարգավիճակը կը նշանակէ, որ կենսաբազմազանութիւնը այնտեղ սուղ կը գնահատուի պետութեան համար: Եթէ այլ տարածքներու մէջ նման կորուստ մը մէկ միաւորով կը գնահատուի, ապա յատուկ պահպանուող տարածքներու մէջ անիկա նիւթականի վերածած՝ կը բազմապատկուի 5ով: Գիհիի պարագային, մեր կորուստին առանձնայատկութիւնը այն է, որ այս ծառատեսակները դժուար աճող են, գրեթէ անկարելի‘՝վերականգնման տեսակէտէն եւ այս առումով, այս վնասին չափման միաւոր չկայ: Միւս կողմէ, գիհին իր կենսամիջավայրին մէջ կարելիութիւն կու տայ առանձին անասուններու տեսակներու գոյութեան, օրինակ սեւ անգղն է, որ արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անասուններու ,Կարմիր գիրքեին մէջ եւ կ՛ապրի այս կենսամիջավայրին մէջ: Նոյնը նաեւ կովկասեան ընձառիւծն է:
Կան սողուններու կորուստներ, մեծ անասուններու կորուստներու մասին դէպքեր չունինք, յուրախութիւն մեզ, բայց ունինք տեղափոխութիւն այլ վայր, բայց այս պահուն դժուար է ըսել, թէ ուր: Այս պատճառով մեր երկրորդ կարեւոր գործողութիւնը եղած է, որ Բնապահպանական պետական տեսչութեան յանձնարարուած է հսկողութիւն իրականացնել Խոսրովի Անտառ պետական արգելոցի յարակից տարածքներուն մէջ, այն որսի յատուկ վայրերուն մէջ, ուր կարելի է տեղափոխել այդ անասունները, որպէսզի որսի սահմանափակումներ կիրարկենք եւ թոյլ չտանք, որ այս աղէտին պատճառով լուրջ վնաս պատճառուի մեր կենդանական աշխարհին:
Միջազգային կազմակերպութիւններէ արդէն ունինք աջակցութեան առաջարկներ, բնական վերականգնման շրջանակներու մէջ, հակահրդեհային միջոցառումները աւելի ուժեղացնելու, թեքնիք զինուածութիւնը աւելի հզօրացնելու առումով, եւ ատիկա միայն Խոսրովի Անտառ պետական արգելոցին չի վերաբերեր, այլ բոլոր յատուկ պահպանուող տարածքներուն:
…Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն անհատներուն, կազմակերպութիւններուն, որոնք այս օրերուն աշխոյժ, սրտցաւ վերաբերում ցուցաբերեցին այս աղէտը կանխելու եւ հետեւանքները կարելի եղածին չափ նուազեցնելու նպատակով: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ մեր հրամանատարներուն, զինուած ստորաբաժանումներուն, մեր զօրքերուն, որոնք մէկ մարդու պէս փայլուն աշխատանք կատարեցին այս օրերուն ընթացքին եւ անգնահատելի ներդրում ունեցան մեր ժողովուրդի, պետականութեան, ապագայ սերունդներու սեփականութիւնը պաշտպանելու գործին մէջ:
Հրդեհին պատճառները յառաջիկային քննութեան միջոցով պիտի պարզուին: Չի բացառուիր որեւէ վարկած, նաեւ՝ մարդկային գործօնը, քանի որ հրդեհը բռնկած է այն հատուածին մէջ, ուր համայնքային եւ մասնաւոր տարածքներէ տեղաշարժը շատ էե:
Նախարարը կարեւոր նկատեց հակահրդեհային արհեստագիտութեան զինուածութիւնը եւ շեշտեց, որ յառաջիկայ տարիներուն խիստ հսկողական դիտարկումները պիտի շարունակուին, պիտի մշակուի վերականգնման ծրագիր՝ ներգրաւելով տեղական եւ միջազգային գործընկերներ եւ այդ ուղղութեամբ պիտի կատարուին այնպիսի քայլեր, որ յառաջիկայ տարիներուն ունենանք Խոսրովի Անտառ պետական արգելոցի կարելի եղածին չափ վերականգնուած կենսաբազմազանութեան ամբողջական պատկերը: