ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- ՀԵԴ Ճամբարի վարչութիւնը կը գուժէ ճամբարին երկար տարիներու սիրուած խոհարարին՝ «տիկին Էօժէն»ի (Էօժէնիկ Պարթումեան) մահը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Օգոստոս 11ին, հիւանդութեան մը իբրեւ հետեւանք։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Ուրբաթ, Օգոստոս 18ին, կ.ե. ժամը 12։30ին, Նիւհոլի «Eternal Valley Memorial Park» գերեզմանատան մէջ (23287 Sierra Hwy., Newhall, CA 91321), իսկ Տան կարգը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, Օգոստոս 17ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ (1614 N. Alexandria Ave.)։
Ծնեալ Հալէպ, Սուրիա, Յուլիս 7, 1929ին՝ Էօժէնիկ Պարթումեան անդրանիկ զաւակն էր Վահան եւ Սիրանուշ Պարթումեաններուն։ Անոր մայրը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրելով՝ հասակ նետած էր Հալէպի գաղթակայաններէն մէկուն մէջ, ու միշտ փափաքած էր, որ Էօժէնիկ հետեւի բարձրագոյն ուսման, այն աշակերտներուն նման, զորս ամէն օր կը տեսնէր «Ալեփփօ Քոլեճ»ին մէջ, ուր ան կ՛աշխատէր։ Սակայն, ընտանիքը միայն մէկ տարի կրցած էր հոգալ այդ կրթութեան ծախսերը, եւ Էօժէնիկ չէր արձանագրուած 7րդ դասարան։ Այս լուրը ստանալով՝ վարժարանի ամերիկացի ներկայացուցիչ մը այցելած էր Պարթումեաններուն եւ ոչ միայն համոզած, որ Էօժէնիկ մինչեւ երկրորդականէն շրջանաւարտ ըլլալը շարունակէ ուսումը, այլ նաեւ դպրոցին մէջ պաշտօն մը տրամադրած էր անոր ատաղձագործ հօր։ Էօժէնիկ բարձր պատիւներով շրջանաւարտ եղած է վարժարանէն եւ նետուած ուսուցչական ասպարէզ, նախ՝ Զաւարեան, ապա Վարդանեան վարժարաններուն մէջ։ Այդ տարիներուն, ան նաեւ դերեր ստանձնած է երկու թատերական ներկայացումներու մէջ։
1958ին ընտանիքը Դամասկոս փոխադրուած է եւ հոն ուսուցչութիւնը շարունակած է տեղւոյն Զաւարեան եւ Հայ Կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ՝ անգլերէն եւ ուսողութիւն դասաւանդելով։
1967ին, ընտանիքին հետ Պէյրութ փոխադրուած է եւ ուսուցչութիւնը շարունակած է Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին մէջ, մինչեւ 1987, երբ Քալիֆորնիա հաստատուած է ընտանիքին հետ։
1987էն սկսեալ, ան ստանձնած է ՀԵԴ Ճամբարի խոհանոցի տնօրինումը, միաժամանակ բանակողներուն մօտ սերմանելով հայերէնի եւ հայ մշակոյթի նկատմամբ սէրը։ Անոր նուիրեալ սպասարկութիւններուն իբրեւ վարձատրութիւն եւ նկատի ունենալով ճամբարի պատասխանատուներուն, խորհրդատուներուն, անձնակազմին ու բանակողներուն հետ անոր հաստատած սերտ կապերը՝ Ճամբարին վարչութիւնը որոշած էր խոհանոցը անոր անունով կոչել։
Նախնական տարիներուն, ան եղած է մօտիկ գործակիցը ճամբարի տնօրէն՝ հանգուցեալ Խաժակ Շիթիլեանի։ Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, «տիկին Էօժէն»ը միշտ առատաձեռն եղած է եւ օգնութեան հասած կարօտեալներուն։