ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարած է, թէ Չինաստան յոյս ունի, որ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական թղթածրարի խնդիրին լուծումով շահագրգռուած բոլոր կողմերը լրջօրէն կը քննարկեն այդ հարցին վերաբերեալ Մոսկուայի եւ Պէյժինկի միացեալ ծրագիրը:
Ծրագիրը հիմնուած է «կրկնակի սառեցման» գաղափարին վրայ, որ առիթ պիտի ընծայէ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն՝ իրենց ջանքերը կեդրոնացնելու բանակցային հոլովոյթի շուտափոյթ վերսկսման, ինչպէս նաեւ Քորէական թերակղզիի ճգնաժամի լուծման համար քաղաքական միջոցներ գտնելուն վրայ:
Ռուսիոյ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները նախապէս միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած էին Քորէական թերակղզիի խնդիրներուն մասին: Երկու կողմերը Հիւսիսային Քորէային առաջարկած էին հիւլէական փորձարկումներու եւ հրթիռներու արձակման սառեցում յայտարարել, իսկ Հարաւային Քորէային եւ Միացեալ Նահանգներուն՝ ձեռնպահ մնալ շրջանին մէջ ռազմափորձեր կատարելէն:
«Կազեթա» կայքը, յղում կատարելով Հարաւային Քորէայի կառավարական աղբիւրի մը՝ հաղորդեց, թէ Հիւսիսային Քորէայի գլխաւոր դեսպանները միացեալ խորհրդակցութեան կանչուած են Փիոնկիանկ, վերջին շրջանին երկրին դէմ միջազգային ճնշումի յաւելման լոյսին տակ: Փիոնկիանկ վերադարձած դիւանագէտներու շարքին են Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ ՄԱԿի մօտ Հիւսիսային Քորէայի դեսպանները:
Յիշեցնենք, որ վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին, Քորէական թերակղզիին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ խիստ լարուած մնալ: Միացեալ Նահանգներ բազմիցս յայտարարած է, թէ Փիոնկիանկի դէմ «ռազմավարական համբերութեան ժամանակաշրջանը արդէն իսկ աւարտած է», եւ թէ իր հիւլէական ծրագիրը աշխուժօրէն զարգացնող Հիւսիսային Քորէային դէմ հաւանաբար զինուորական ուժ կիրարկուի: Փիոնկիանկ իր կարգին կը սպառնայ «ջախջախիչ հարուած» հասցնել Միացեալ Նահանգներուն:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի»ն հաղորդեց, որ Չինաստան Հիւսիսային Քորէայէն շարք մը ապրանքներու ներմուծման դիմաց արգելք սահմանած է: Այդ մասին նշուած է Չինաստանի առեւտուրի նախարարութեան մէկ յայտարարութեան մէջ: «Օգոստոս 15ին, Հիւսիսային Քորէայի ածուխի, երկաթի, կապարի, ծովամթերքի ներմուծման դիմաց ամբողջական արգելք կը սահմանուի», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Ճոզէֆ Տանֆըրտ, Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճայ Ինի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է կիրարկելու իր զինուորական բոլոր կարելիութիւնները՝ Փիոնկիանկի հիւլէական սպառնալիքէն պաշտպանուելու համար:
«Ինտիփենտըն»չ կը հաղորդէ, որ Տանֆըրտ մանրամասնած է նաեւ, թէ Ուաշինկթըն զինուորական միջոցառումներ կը նախապատրաստէ, եթէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները արդիւնք չտան ու այդ երկիրը շարունակէ վիճայարոյց իր հիւլէական ծրագիրի զարգացումը։
Իր կարգին, Հարաւային Քորէայի նախագահը շեշտած է, թէ ո՛չ մէկ կողմ պէտք է Քորէական թերակղզիին վրայ յարձակում կատարէ՝ առանց Սէուլի հաւանութեան։