Ներքին ալեկոծումը համաշխարհային օրակարգի վրայ իր տարբեր երեսակներով տեղ կը գտնէ: Եթէ արեւմտեան երկիրներու համար խնդիրի էական երեսակը դէպի Եւրոպա խուժող գաղթականներն են, ապա Թուրքիոյ նման մահմետական երկիրներու համար աւելի էական կը դառնան իսլամական միջդաւանանքային բախումները: Տակաւին կան Անգ-լիոյ կամ Ֆրանսայի նման երկիրներէ ներս սուրիական խռովութիւններուն ծոցէն բխած «Իսլամական պետութեան» ահաբեկչական յարձակումները:
Աշխարհասփիւռ հայութեան համար խնդիրի էական երեսակը Հալէպի հայ գաղութի քայքայումն է: Հալէպը, ըլլալով Միջին Արեւելքի ամենաբազմանդամ քաղաքներէն մին անշուշտ որ ուշադրութեան առաջին գծին վրայ պիտի գտնուէր: Սակայն, չենք կրնար անտեսել տարածաշրջանի այլ կեդրոնները, որոնք իբրեւ Հայկական Սփիւռքի կարեւոր կեդրոններ համարժէք են իրենց պատմութեամբ կամ գոյանալու ոդիսականով:
Խոստովանինք, որ բացի Հալէպէն, այդ տարածաշրջանին մէջ ունեցած ենք բազմաթիւ քաղաքներ, որոնք անցեալին ունեցած էին բաւական կենսունակ հայկական գաղութներ: Սարսափազդու պատերազմը ահա այս քաղաքներու բնակիչ հայերն ալ դրաւ ծանր փորձի մը տակ եւ բազմաթիւ հայեր կամ մատնուեցան շատ լուրջ հալածանքներու կամ ալ կրկին անգամ վերցուցին գաղթականի ցուպը եւ ինկան օտար ափեր:
Ահաւասիկ այս օրերուն կը հասնի ուրախ զարգացումի մը արձագանգը, որ սակայն ընդհանուր համայնապատկերին մէջ հեռու է մխիթարութիւն պարգեւելէ: Վերջապէս, Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յաջողած են ազատագրել Ռաքքա քաղաքի բնակիչ խումբ մը հայեր, որոնք այս քաղաքի ՏԱԷՇի կողմէ գրաւուած օրերէն այս կողմ կ՛ապրէին շատ վտանգաւոր պայմաններու տակ:
Իրաքի եւ Սուրիոյ անմիջական բախումներու արձանագրուած կեդրոններէն լուրեր հաղորդող «Ara News» լրատուական կեդրոնը կ՛աւետէ խումբ մը հայ ու ասորի ընտանիքներու փրկութիւնը: Լրատու աղբիւրը այս մասին իր կատարած լրատուութիւնը կը հիմնաւորէ ասորիներու բանակային խորհուրդի փոխանցումներուն վրայ:
Սուրիոյ հիւսիսային քրտաբնակ հատուածին մէջ աշխատող անկախ լրագրող Մեսուտ Մուհամմետ ընկերային ցանցերէն հաղորդեց նաեւ փրկուած հայ ընտանիքներուն լուսանկարները: Ազատագրուած հայուհի Սաուս Կարապետեան կ՛ըսէ, թէ Իսլամ Պետութեան շարքայինները իրենց կը պարտադրէին լաչակով ծածկուիլ եւ իսլամներէն տարբերուելու համար ալ դէմքը բաց պահել: Ազատագրուած ուրիշ հայուհի մը՝ Գարաճեան, կը յայտնէ, թէ յարատեւ անարգանքներու ենթարկուած էին եւ մեծ տուրքեր վճարելու հարկադրուած: «Իսլամական պետութեան» Ռաքքան գրաւելէն ետք, տեղւոյն քրիստոնեաներու կարեւոր մէկ մասը ապաստանած էր Հասաքէ քաղաքը:
«ԱԿՕՍ»