ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2017ի առաջին կիսամեակին ծնած են 1083 երեխաներ 565 տղաներ, 518 աղջիկներ: Միայն 870 երեխաներ ծնած են Ստեփանակերտի «Մօր եւ մանկան» առողջութեան պահպանման կեդրոնին մէջ:
Առաւելագոյն ծնունդներ շրջաններէն արձանագրուած են Մարտակերտի մէջ՝ 96 երեխայ:
Վերջին վեց ամիսներուն ընթացքին Արցախի մէջ արձանագրուած է 13 զոյգ երեխաներու ծնունդը: