
Ձախէն աջ՝ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեան եւ Փօլա Տիվայն, քաղաքապետ Վարդան Կարապետեանի հետ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշած է երկիրը դուրս բերել ՄԱԿի հովանիին տակ կնքուած՝ կենսոլորտի պաշտպանութեան Փարիզի համաձայնագիրի պայմաններուն հետեւող երկիրներու շարքէն, երկրի տարածքին շարք մը քաղաքներ այդ կեցուածքին դէմ իրենց բողոքը կ՛արտայայտնեն գործնակա՛ն քայլերով։
Այդ քաղաքներէն մէկն է Կլենտէյլը, որուն քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշած է միանալ «Կենսոլորտի պաշտպանութեան քաղաքապետներու ազգային օրակարգ» անունով մկրտուած խմբակին, որ հաստատուած էր 2014ին, Լոս Անճելըսի, Հիւսթընի եւ Ֆիլատելֆիոյ քաղաքապետներուն ջանքերով։
Կլենտէյլի քաղաքապետ Վարդան Կարապետեան կը յայտնէ, թէ աշխատանք կը տարուի մինչեւ 2045 թուական՝ քաղաքին ուժանիւթի կարիքները միա՛յն վերանորոգ միջոցներով ապահովելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ձերբազատուիլ քարիւղի, բնական կազի եւ ածխային աղբիւրներու օգտագործումէն։