ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ «Մանչեսթըր Եունայթըտ» խումբիի ֆութպոլիստ Հենրիկ Մխիթարեան Լոս Անճելըս գտնուած ժամանակամիջոցին «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի մարզադաշտին վրայ մարզեց յիսուն ՀՄԸՄական մարզիկներ եւ հինգ մարզիչներ:
Մխիթարեանի Լոս Անճելըս այցելութենէն քանի մը օր առաջ, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն ՀՄԸՄի պատասխանատուներուն տեղեկացուցած էին, որ Մխիթարեան կ՛ուզէ հայ պատանիներ մարզել:
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը շրջանի տարբեր մասնաճիւղերէ հաւաքուած յիսուն պատանի մարզիկներու խումբ մը կազմած էր, որոնց ընկերացած էին հինգ մարզիչներ, որոնք առիթ ունեցած էին օգտուելու Մխիթարեանի փորձառութենէն:
Մխիթարեան նաեւ նկարուեցաւ «Նիւ Եորք Նիքս»ի պասքեթպոլիստ Քարմելօ Էնթընի եւ ՀՄԸՄի մարզիկներուն հետ: