ՊՈԼԻՍ.- Երկուշաբթի, 17 Յուլիսին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցան երկու ժողովներ, որոնց նախագահեց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան: Առաւօտուն, պատրիարքարանին մէջ գումարուեցաւ Կրօնական ժողովը: Տեղապահ սրբազան հայրը Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթին յայտնեց, որ ժողովին քննարկուեցան ընթացիկ հարցեր եւ Կրօնական ժողովի դիւանը պիտի հրապարակէ համապատասխան հաղորդագրութիւն մը:
Օրուան երկրորդ կիսուն, պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Նախաձեռնարկ մարմինի նիստը: Ըստ «Ժամանակ»ի ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն՝ ժողովականները շարունակեցին քննարկումները, ըստ էութեան, եկեղեցիներու ընտրողներու ցուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման հարցին շուրջ: Նախաձեռնարկ մարմինը, որոշած է այսուհետեւ մամլոյ հաղորդագրութիւններ հրապարակել՝ միայն հարկ եղած պարագային:
Միւս կողմէ, Հինգշաբթի օր պատրիարքարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Նախաձեռնարկ մարմինի եւ համայնքային կառոյցներու մատակարար մարմիններու ատենապետներուն կամ լիազօր ներկայացուցիչներուն համատեղ խորհրդակցութիւնը: