ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկեան «Ֆորպզ» թերթի «Կարծիք» բաժինին մէջ, անդրադառնալով Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ վերջին օրերուն արձանագրուած սահմանային բախումներուն՝ յօդուածագիր Մովսէս Տէր Յովհաննիսեան կը գրէ, թէ սահմանային խախտումները գլխաւորաբար կը նախաձեռնուին Ատրպէյճանի կողմէ ու կապուած են երկրի տնտեսական ծանր իրավիճակին հետ։
Յիշեցնելէ ետք անցեալ տարուան Ապրիլին պատահած քառօրեայ պատերազմը՝ յօդուածագիրը կը նշէ, որ այդ դէպքերէն ետք մասնակի համաձայնութիւն մը գոյացած էր կողմերուն միջեւ, սակայն այս տարուան Մայիսին, դարձեալ սահմանային բախումներ վերսկսած էին Ատրպէյճանի կողմէ։ Արդարեւ, Մայիս 18ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրները միասնաբար, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, խստօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանի գործողութիւնները, բան մը՝ որ յաճախ չի պատահիր։
Մովսէս Տէր Յովհաննիսեան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերը կը գործածեն Իսրայէլի արտադրութեամբ «Սփայք» վաճառանիշով հրթիռային համակարգը, իսկ թիրախը՝ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հակաօդային ուժերն են։ Այս առթիւ, յօդուածագիրը կը նշէ, թէ ճիշդ այն շաբաթ, երբ յարձակում կատարուեցաւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի օդային ուժերուն վրայ, Ատրպէյճանի միջազգային դրամատունը չկրցաւ վճարել իր պարտքերուն 100 միլիոն տոլարի մասնաբաժինը ու Նիւ Եորքի մէջ յայտարարեց իր սնանկութեան մասին։ Ատրպէյճանի միջազգային դրամատան վիճակը վատթարացած էր յատկապէ՛ս, որովհետեւ անիկա Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան՝ «Սոքար»ին, 2 միլիառ տոլարի վարկ տրամադրած էր, իսկ «Սոքար»ը չէր արդարացուցած ակնկալութիւնները եւ իր կարգին՝ վարկի անկում կրած էր, արժանանալով վարկաւորող միջազգային հաստատութիւններու ժխտական հակազդեցութիւններուն։
Յօդուածագիրը կ՛ընդգծէ, թէ զինադուլի դրութիւնը խախտելու պատճառը թէ՛ Ատրպէյճանի տնտեսութեան փլուզումն էր, եւ թէ վերջին 10 տարիներուն՝ Ռուսիայէն, Թուրքիայէն եւ Իսրայէլէն գնուած զէնքերուն փորձարկումը։
«Ալիեւ չի կրնար երկարատեւ պատերազմի սկսիլ, քանի որ երկրին քարիւղի ենթակառոյցը վտանգի տակ է։ Այս պատճառով ալ, մեծ է հաւանականութիւնը, որ պատահին միայն անցեալ տարուան դէպքերուն նման զարգացումներ», կը շեշտէ յօդուածին հեղինակը՝ աւելցնելով սակայն, որ երկու երկիրներուն միջեւ սուր լարուածութիւնը հաւանաբար պիտի շարունակուի։
Նշենք, որ Մովսէս Տէր Յովհաննիսեան մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած Եւրասիական ուսումնասիրութեանց եւ վերլուծութեանց հիմնարկի ուսումնասիրողներէն է։