ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Կրտսերն Թրամփի ստեղծած նորագոյն գայթակղութիւնը՝ Թրամփի յաղթանակին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան շուրջ, լուսարձակի տակ դրած է երկրի վերնախաւին մօտ բարոյականութեան ակնումին մակարդակը եւ այն իրողութիւնը, որ «սուրբ» որակուող սկզունքներու ջատագովումը վերապահուած է նախընտրական հանգրուանին, միա՛յն համակիրները գոհացնելու եւ նոր համակիրներ ապահովելու համար։
Մինչ Սպիտակ տունը եւ Թրամփի համակիրները կը պնդեն, թէ Թրամփի զաւակին քայլը բնազադային էր (վերջապէս, ան հասակ նետած էր ամէն գնով շահ ապահովող ընկերութեանց սեփականատէրի մը շուքին տակ), իսկ հայր Թրամփը կը շեշտէ, թէ իր զաւակը «բարձրորակ» անձնաւորութիւն մըն է, փաստը այն է, որ ջանք տարուած էր հակառակորդ պետութեան մը հետ գործակցելով՝ ընտրական յաղթանակ ապահովելու, վնաս հասցնելով ամերիկեան ժողովրդավարական կարգերուն։ Նաեւ, կասկած չկայ, որ Քրեմլինի մօտիկ անձնաւորութիւնները Հիլըրի Քլինթընին վնաս հասցնող «տեղեկութիւններ»ը կ՛ուզէին փոխանցել՝ ոչ թէ Թրամփի նարնջագոյն-ոսկեայ մազերուն սիրոյն, այլ անոր դիմաց զիջումներ կ՛ակնկալէին։ Արդարեւ, Թրամփի ընտրապայքարի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպողը փաստաբան Նաթալիա Վեսելնիսքայան էր, որ ստանձնած էր Խրիմի հարցին պատճառով Ռուսիոյ դէմ պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցները մեղմացնելու պարտականութիւնը։ Այսինքն, ան «Թրամփ Թաուըր» պանդոկը չէր եկած՝ ատրպէյճանցի միլիառատէր Աղալարովի խոստացած «տեղեկութիւններ»ը ձրիաբար յանձնելու Թրամփի ընտրապայքարին։
Յոյժ մտահոգիչ է այն իրողութիւնը, որ Թրամփի զաւակը եւ անոր ընկերակիցները գրեթէ վազելով գացած էին այս հանդիպումին (ինչպէս կը վկայեն այս մասին հրապարակուած նամակները), տարուած՝ ամէ՛ն գնով ընտրական յաղթանակ մը երաշխաւորելու մոլուցքէն։ Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ Թրամփի ընտանիքի անդամներուն վարքը արդէն իսկ նման արարքներ բնական դարձուցած են, որովհետեւ անոնք երկիրը կը կառավարեն իբրեւ իրենց սեփական մէկ ընկերութիւնը, մեր, այսինքն՝ քաղաքացիներուս հաշուոյն աւելիո՛վ պարարտացնելով իրենց հարստութիւնը։ Ինչպէս կ՛ըսեն, պտուղը ծառէն շատ հեռու չ՛իյնար…
Բարոյական բարձր չափանիշներու հետեւող երկիրի մը մէջ դաւաճանութիւն նկատուող այս եւ նման ոտնձգումներ «բնազդային» որակելու թրամփական գիտակիցներուն փորձերը ո՛չ միայն չեն նպաստեր Ամերիկան հզօրացնելու նպատակով յորջորջուող ջանքերուն, այլ կրնան աշխարհի ամենահզօր տնտեսութիւնը ունեցող այս երկիրը վերածել այլ երկիրներու կամակատարի մը, ուղղակի թէ անուղղակի կերպով։