ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ առարկայական եւ բովանդակալից բանակցութիւնները պէտք է անյապաղ վերսկսին. այս մասին կը գրէ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը:
Ալիեւ այս յայտարարութիւնը կատարած է՝ 2017ի առաջին կիսուն երկրին մէջ արձանագրուած ընկերատնտեսական զարգացման արդիւնքներուն եւ այլ հարցերու նուիրուած կառավարական նիստին ընթացքին:
Ատրպէյճանի նախագահը նշած է, որ բանակցային գործընթացը պէտք է վերսկսի առա՛նց նախապայմաններու: