«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Մեր զաւակներու ամառնային արձակուրդը կազմակերպելու գործին մէջ մեր ներդրումը կարեւոր է, մանաւանդ երբ անոնք մանկութեան ու պատանեկութեան տարիքի են: Աւելի հասուն՝ երիտասարդութեան դռները թակողներուն, քիչ մը աւելի նրբանկատ ձեւով պէտք է փոխանցենք մեր առաջարկները:
Ուրախ ենք, որ հայկական կազմակերպութիւններու ամառնային մանկական ու պատանեկան ճամբարները բաւական ժողովրդական են՝ ըլլան անոնք բնութեան մէջ, յատուկ բանակավայրերու տարածքէ ներս թէ հայ կեդրոններու շրջափակը: Չենք կրնար ուրախութեամբ չարձանագրել, որ որոշ պարագաներու նոյնիսկ միջամտութիւններու փորձ կը կատարուի՝ զաւակ մը տեղաւորելու համար այդ ճամբարներուն մէջ:
Հայկական միջավայր, հայեցի մթնոլորտ ու հայ ընկերներ ապահովելու լաւագոյն առիթ… ասոնք նուազագոյն բարիքներն ու օգուտներն են հայկական պատանեկան ճամբարներուն: Կը յորդորենք, որ ձեր զաւակներն ու թոռները այսպիսի միջավայրի մը վստահիք՝ այս եւ գալիք ամառնային արձակուրդներուն:
Երիտասարդներու պարագային, հետաքրքրական տարբերակներ կա՛ն: Սկսած մեր տեղական երիտասարդական հաւաքներէն, մինչեւ տարբեր կառոյցներու եւ հաստատութիւններու մէջ վարժողական ծրագիրները, լայն կարելիութիւններ ստեղծուած են մեր զաւակներուն համար՝ կազմակերպական փորձառութիւն շահելու, տեղական թէ դաշնակցային մակարդակի քաղաքական միջավայրին ծանօթանալու:
Ասոնց կողքին, կան նաեւ հայրենիքի մէջ հետաքրքրական ու օգտակար ծրագիրներ… Սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» նախաձեռնութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Հայաստանեան, Արցախեան ու Ջաւախքեան բանակումները, «Դէպի Հայք» հոյակապ ծրագիրը եւ բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ այլ ծրագիրներ, որոնք բոլորը կը կերտեն մեր զաւակներուն ազգային ու մարդկային նկարագիրը:
Ընտրեցէ՛ք, ուղարկեցէ՛ք ձեր զաւակները դէպի այս հասցէները: