Հայաստան աշխարհի սահմանները պաշտպանող զինուորը երբեք առանձին պէտք չէ զգայ: Ան իր թիկունքին կանգնած պէտք է տեսնէ ամբողջ հայութիւնը: Վիրաւորուած, հաշմանդամութիւն ստացած զինուորները եւ զոհուած զինուորներու ընտանիքները պէտք է զգան ամբողջ հայ ազգի սէրն ու գնահատանքը: Զինուորներուն հետ՝ սահմանին վրայ թէ զօրանոցին մէջ, վիրաւոր թէ նահատակուած, մէկ ընտանիք ենք:
Նկարներէն առաջինը՝ 90ականներուն վիրաւորուած զինուորներէն Կամոյի տունն է: «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը ստանձնած է տան նորոգութիւնն ու հաշմանդամութեան պայմաններու յարմարեցումը: Կամօն 7րդ զինուորն է, որ վերանորոգուած կամ նոր տուն կը ստանայ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամէն: Կը խոնարհինք մեր բոլոր զինուորներուն քաջագործութեանց առջեւ:
Երկրորդ նկարը՝ Առաջամուղի դպրոցի ընդարձակման աշխատանքներու սկիզբը կ՛աւետէ: Ազատագրուած տարածքներու վրայ, ռազմավարական նշանակութեամբ դիրքի վրայ գտնուող այս գիւղը կառուցուեցաւ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ, իսկ վերջին տարիներուն, գիւղի ընդարձակման աշխատանքներուն միացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախ ֆոնտ»ը: Այսօր գիւղի դպրոցը արդէն նեղ կու գայ աշակերտներուն համար:
Յառաջիկայ Սեպտեմբերին, 4 նոր դասարաններու կարիքը կայ: Մեր հիմնադրամը արդէն իսկ սկսած է նոր դասարաններու յաւելման աշխատանքին:
Հողը կը պահեն զինուորով եւ զարգացող, աճող բնակչութեամբ:
Զինուորը կը պաշտպանէ հողը: Բնակիչը՝ կեանք կու տայ անոր:
Մենք պիտի շարունակենք շինարարական մեր գործունէութիւնը:
Տուն ու դպրոց կառուցող ժողովուրդը հող չի յանձներ: Օգնենք, որ զարգանայ եւ ծաղկի հայոց հողը:
«ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ