
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը Յունիս 29ին հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան Յունիս 23-24ին այցելած է Քալիֆորնիոյ արդի տեղեկատուական արհեստագիտութեան սիրտը հանդիսացող Սիլիքոն հովիտ, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է այդ մարզին մէջ առաջատար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը ընդարձակելու կարելիութիւնները։
«Նվիտիա» ընկերութեան տուած իր այցին ու անոր ղեկավարութեան հետ հանդիպման ընթացքին, դեսպանը ծանօթացած է ընկերութեան նորագոյն արտադրանքին, որուն մէջ հիմնական շեշտը կը դրուի արհեստական բանականութեան ու ինքնակառավարուող մեքենաներուն վրայ:
«Էքսենչըր Լիքուիտ Սթուտիօ» ընկերութեան մէջ եւս, դեսպանին ներկայացուած են շարք մը նորարարութիւններ:
Դեսպան Յովհաննիսեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ շարք մը հայ մասնագէտներու հետ եւ ներկայ գտնուած է «Սինոփսիս» ընկերութեան ու ՀԲԸՄի կողմէ կազմակերպուած քննարկումին։ Այս վերջին հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Սիլիքոն հովիտի ընկերութեանց եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութիւնը սերտացնելու առնչութեամբ շարք մը գործնական քայլեր, ինչպէս նաեւ հայ մասնագէտներու կողմէ Հայաստանի մէջ պարբերաբար վերապատրաստման դասընթացքներ իրականացնելու ծրագիրը: