ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 30 Յունիսին, Աղաւնաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի այս տարուան առաջին փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, զոր անոնք պատրաստած էին ճամբարային օրերուն ընթացքին:
Նշենք, որ ծրագիրի առաջին փուլին մասնակցեցան 163 տղաք եւ աղջիկներ, որոնք աշխարհի 8 երկիրներէ եկած էին: