Շուրջ երեք բախտորոշ տասնամեակներ անցած են այն թուականէն, երբ ազատագրական արիւնալի պատերազմէն նոր դուրս եկած նորազատ Արցախի իշխանութիւնները Հայ Օգնութեան Միութեան կը նուիրէին թշնամի ռմբակոծումներէ կիսաքանդ շէնք մը՝ վերակառուցելու եւ ի սպաս դնելու զայն պատերազմի որբերու եւ օգնութեան կարօտ ընտանիքներու մանուկներուն որպէս ապաստան: Տարին չանցած, ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզ-մանկամսուրը գործի կ՛անցնէր երեքէն վեց տարեկան 87 երեխաներով:
Այսպէս, 1998ին, կիսանորոգ այդ շէնքին մէջ հիմը կը դրուէր այսօր արդէն պատմական դարձած-ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներու հայրենի հողի վրայ կառուցուող ցանցին: Եւ ահա՛, տասնինը տքնաջան տարիներէ ետք, Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի այդ նո՛յն շէնքի տարածքին, ամբողջովին վերակառուցուած ՀՕՄի բազմայարկ «Սօսէ» մանկապարտէզ-նախակրթական կեդրոնը կը պատրաստուի պաշտօնապէս իր դռները բանալու այս տարուան Սեպտեմբեր 6ին՝ որպէս վերակառոյց կոթո՛ղ մը հայ ժողովուրդի անպարտելի կամքին ու Սօսէ Մայրիկի մշտավառ յիշատակին:
Աւելի քան 19 տարիներու հետեւողական աշխատանքի անցեալ մը կայ «Սօսէ» մանկապարտէզներու մերօրեայ լուսաւոր իրականութեան ետին: Ներկայիս, Հայ Օգնութեան Միութիւնը Արցախի Հանրապետութեան տարածքին ունի 8 մանկապարտէզներ՝ Ստեփանակերտի, Շուշիի, Տողի, Մեծ Թաղերու, Աշանի, Ականաբերդի, Քարեգահի եւ Խնձրիստանի մէջ. ութը լուսատու հաստատութիւններ, որոնց բարձրադիր փարոսը, կարելի է ըսել, Ստեփանակերտի Անդրանիկ– այժմ վերականգնուած– Սօսէ մանկապարտէզն է՝ իր պատմական, ՀՕՄակառոյց անցեալով ու ներկայով:
Ամբողջացնելու համար այս հակիրճ պատմականը, աւելցնենք, թէ երկու տարի առաջ, ՀՕՄի Համահայկական 71րդ Պատգամաւորական ժողովէն անմիջապէս ետք՝ 11 Հոկտեմբեր, 2015ին, տեղի կ՛ունենար Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի ներկայ շէնքի հիմնօրհնէքի արարողութիւնը՝ խանդավառ մասնակցութեամբ հայրենի թէ միութենական աւագանիին, տեղական թէ այցելու ՀՕՄականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու հոծ բազմութեան: Հոկտեմբեր 2015էն մինչեւ Մարտ ամսուան վերջը, նոր կառոյցի շինարարական աշխատանքները անընդհատ ու հեզասահ կ՛ընթանային, մինչեւ ատրպէյճանցի զինեալ ուժերու ապրիլեան վայրագ, այլեւ ձախող ներխուժման գազանային փորձը, որուն հետեւանքով իր վերջնական փուլին մէջ մտած աշխատանքը կանգ կ՛առնէր:
Թող թոյլ տրուի մեզի այժմ ըսելու, թէ անպարտելի է ու ամրակերտ հայ ժողովուրդի շինարար կամքն ու հաւատքը, եւ անոր արդիւնք՝ անհամար գիտութեան ու մատենագրութեան տաճարները, որոնց կիսաքանդ կառոյցները լուռ կը հսկեն հայրենի պատմական տարածքներուն վրայ՝ խրախուսելով մեզ շարունակելու մեր քաղաքակերտ ժողովուրդի առաքելութիւնը՝ լոյսի եւ յոյսի նոր կեդրոն մը աւելցնելու մեր հազարամեայ հունձքին վրայ:
Շուտով, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017ին, ՀՕՄի նորակերտ «Սօսէ» մանկապարտէզը պաշտօնապէս պիտի բանայ իր դռները Ստեփանակերտի մէջ, հայրենի ազատ երկնքին տակ: Այս առթիւ, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ունինք անխտիր բոլո՛ր անոնց, որոնք անսակարկօրէն տրամադրեցին իրենց թանկարժէք ժամանակն ու կորովը, նիւթապէս թէ բարոյապէս սատարելով այս բացառիկ ծրագիրի իրականացման:
Միաժամանակ, արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՕՄի այս նորակերտ ուսումնական օճախին ներկայ ու ապագայ աշխատակազմերուն, որոնց խնամքին պիտի յանձնուին Արցախի մանուկներուն հոգեկան ու մտաւոր պատրաստութեան սրբազան պարտականութիւնը:
Ինշպէս միշտ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր Համահայկական կազմով, կը մնայ կանգուն անոնց կողքին՝ հաւատարիմ իր մարդասիրական հայրենանուէր առաքելութեան:
ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ