ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Խարքովի մէջ ընթացող բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, 64 քլկ. կշիռքին մէջ մրցող Հայաստանի հաւաքականի անդամ Յովհաննէս Պաչքով առաջնութիւն խլած է:
Հայ բռնցքամարտիկը աւարտական մրցումին պարտութեան մատնած է անգլիացի Լուք ՄըքՔորմաքը, ապահովելով սոյն ախոյեանութեան Հայաստանի միակ ոսկի մետալը։
Յովհաննէս Պաչքով ծնած է 1992ին, Գիւմրիի մէջ եւ քանի մը առիթներով դարձած է Հայաստանի ախոյեան եւ մասնակցած է միջազգային շարք մը մրցաշարքերու:
Աւարտական մրցումին մասին բռնցքամարտիկը ըսած է. «Առաջին ռաունտում դժուար էր, քանի որ ընտրած մարտավարութիւնը չէր անցնում: Սակայն, երկրորդ եւ երրորդ ռաունտներում ինձ յաջողուեց փոխել պայքարի ընթացքը եւ հասնել վաստակած յաղթանակին»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ մարզիչները ի՞նչ ըսած են իրեն, որ նպաստած է իր ելոյթին՝ Պաչքով ըսած է. «Դաւիթ Թորոսեանն անհրաժեշտ ճշգրտումներն արեց եւ նաեւ ասաց. «Նա քոնն է: Նուագիր դուդուկդ եւ նա թող պարի»: Ինչպէս կարող էի պարտուել նման խօսքերից յետոյ: Իմ բոլոր յաղթանակները ես միշտ նուիրում եմ հայ ազգին»։