ԹԵՀՐԱՆ.- Երկուշաբթի, 19 Յունիսի առաւօտեան, իրանահայ գաղութի երեք թեմերու թեմակալ առաջնորդներ՝ Սեպուհ արք. Սարգսեանի, Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի ու Թեմական խորհուրդներու ատենապետներ՝ Վարուժան Մինասեանի (Նոր Ջուղա), Ռուբիկ Ջանանեանի (Թաւրիզ) եւ Ռոբերտ Բեգլարեանի եւ Վարուժ Յովհաննիսեանի ու Թեհրանի հայոց թեմի Կրօնական խորհուրդի ատենապետ Մակար եպս. Աշգարեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-թեմական ժողով ազգային առաջնորդարանին մէջ:
Ժողովի հիմնական օրակարգն էր միջ-թեմական երիտասարդական համագումարի կազմակերպումը, որոնելու եւ ուսումնասիրելու այն միջոցները, որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ երիտասարդները աւելիով ներգրաւել ազգային, եկեղեցական, մշակութային կեանքին մէջ:
Ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Սեպուհ սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց քոյր թեմերու թեմակալ առաջնորդներուն եւ Թեմական խորհուրդներու ատենապետներուն եւ հրաւիրեց ներկաները միասնաբար խորհելու եւ ծրագրելու յառաջիկային տեղի ունենալիք երիտասարդական համագումարին մասին:
Յետ կարծիքներու ու միտքերու փոխանակման որոշուեցաւ համագումարը կազմակերպել Սպահանի մէջ, 14 էն 16 Օգոստոս, գլխաւոր թեմա ունենալով «Երիտասարդութիւնը իր մարտահրաւէրներով այսօր եւ վաղը»:
Ժողովականները հանգամանօրէն խօսեցան թեմային շուրջ, յատկապէս իրանահայ երիտասարդի ակնկալութիւնները եկեղեցիէն, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդի առաքելութեան մասին:
Շեշտուեցաւ նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը եւ բուռն փափաք յայտնուեցաւ, որ յառաջիկային թեմական խորհուրդները իրենց ամբողջական կազմերով համատեղ ժողովներ ունենան թեմակալ առաջնորդներու նախագահութեամբ:
Ժողովի աւարտին, Սեպուհ սրբազանը ժողովականները պատուեց յատուկ ճաշով: