ԶԱՒԷՆ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Յունուար 3, 1924ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, քեռայրին եւ հարազատին՝ Զաւէն Գաբրիէլեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Յունիս 11, 2017ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Whittier-ի Rose Hills գերեզմանատան Memorial Chapel մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ, 3888 Workman Mill Rd., Whittier, CA 90601։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Թագուհի Գաբրիէլեան
Զաւակները՝ Վերա եւ Սեդօ Պոյաճեան եւ զաւակը՝ Կարէն
Մարինա եւ Ժան Գոսագեան եւ զաւակները՝ Դալար եւ Հայկ
Կասիա եւ Աւետիս Գույումճեան եւ զաւակները՝ Լէահ եւ Արիելլա
Հօրեղբօր կինը՝ Մարիձա Գաբրիէլեան եւ զաւակները՝ ընտանեօք
Քենին՝ Աղաւնի Փլաք
Քենիին զաւակը՝ Սիւզի եւ Արչի Պօղոսեան եւ զաւակները
Աներորդիին կինը՝ Նուշիկ Ծատուրեան
Աներորդիին զաւակը՝ Մարինա եւ Քեւըն Նէփ եւ զաւակները
Քենին՝ Սիլվա Ծատուրեան
Անորորդին՝ Նազարէթ եւ Շողիկ Ծատուրեան եւ զաւակները՝ Պետրոս եւ Թամար
Եւ համայն Գաբրիէլեան, Թէրվիզեան, Ծատուրեան, Պոյաճեան, Գոսագեան, Գույումճեան,
Նշանեան, Տէմիրճեան, Քորքունեան, Փլաք, Սարեան, Աստուրեան, Գասապեան, Պօղոսեան,
Աբօշեան, Տարագճեան, Գալուստեան, Քէօսէեան, Նաճարեան,
Կիւրիւնլեան ընտանիքներն ու հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Golden Skewer ճաշարանին մէջ, 2212 W. Beverly Blvd., Montebello:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Մոնթեպոլլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին, 900 W. Lincoln Ave., Montebello։