ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 1.1 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում ստացած է հաշուապահական «Ուիլտըն» ընկերութենէն, որ ընդունած է, թէ քաղաքին ջուրի սպասարկութեանց մասին 2011-2012ին իր կատարած ուսումնասիրութեանց մէջ սխալներ կատարած էր՝ վնաս պատճառելով քաղաքին։
Նշենք, որ ընկերութիւնը նկատի չէր առած այն իրողութիւնը, որ քաղաքը պատմականօրէն երկու ամիսը անգամ մը կը գանձէ ջուրի սպասարկութեանց սակերը, այլ իր եզրակացութիւնները հիմնած էր ամսական վճառումներու հիման վրայ, ինչ որ նիւթական դժուար կացութեան առջեւ դրած է քաղաքապետութիւնը, որ պարտադրաբար այլ հիմնարկ մը վարձած է՝ սրբագրելու համար կատարուածը։
Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, քաղաքապետութիւնը դատ բացած էր «Ուիլտըն» ընկերութեան դէմ։
Կլենտէյլի ներկայ քաղաքապետ Վարդան Կարպետեան ողջունած է վնասուց հատուցման սոյն համաձայնութինը։