ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի յղուած նամակով մը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան կոչ ըրած է ամերիկեան իշխանութիւններուն, որ խիստ, կտրուկ եւ յստակ քայլերու դիմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակազմին դէմ, ի պատասխան մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Մայիս 16ին տեղի ունեցած խաղաղ ցուցարարներու վրայ Էրտողանի թիկնապահներու յարձակումին։
Գրիգորեան իր նամակին մէջ շեշտած է, թէ դիւանագիտական բողոքներուն կողքին, Ուաշինկթընի իշխանութիւնները պէտք է բացայայատեն վայրագ յարձակումին պատասխանատուները եւ պատժեն զանոնք։
Գրիգորեան այս պահանջներով բանաձեւ մը ներկայացուցած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին։
Յայտնենք, թէ Գրիգորեանի ներկայացուցած առաջարկին ընթացք տալով՝ Լոս Անճելըսի առեւտուրի գրասենեակը Մայիս 22ին որոշած էր ջնջել Մայիս 25ին կայանալիք՝ Լոս Անճելըսի եւ Թուրքիոյ գործարարներու հաւաքը: