ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Մայիս 25ին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուց Մայիս 16ին տեղի ունեցած խաղաղ ցուցարարներու վրայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ առաջնորդուած վայրագ յարձակումը դատապարտող բանաձեւը։
Յարձակումը դատապարտելու համար պատրաստուած թիւ 354 բանաձեւը ներկայացուած էր Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի եւ նոյն յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիըթ Էնկըլի կողմէ, Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթիի եւ դեմոկրատ ղեկավարներէն Սթենի Հոյըրի աջակցութեամբ։
Բանաձեւին վաւերացումը յոյժ կարեւոր նկատող Ռոյսի եւ Էնկըլի ելոյթներուն կողքին, յատկանշական ելոյթ մը ունեցած է նաեւ քոնկրեսական Թետ Փօ, որ կոչ ըրած է Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյցերը կրկնապատկելու։ «Պէտք չէ արտօնենք, որ օտար բռնատէր մը մեր սուրբ իրաւունքները ոտնակոխէ ամերիկեան հողի վրայ։ Արդարութիւնը կը պահանջէ, որ ան եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան կանչուին», ըսած է Փօ։
Բանաձեւին զօրակցելու ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ Տանա Ռորպաքըր, Տէյվիտ Սիսիլին, Պրետ Շըրմըն եւ Էն Ուեկնըր։
Նիստի տեսանիւթը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.youtube.com/watch?v=Mxooewgudig կայքէջը։
Այս գծով, Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Եւրոպայի հարցերով ենթայանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տուած են նոյն ցոյցին մասնակցած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, անոր ընթացքին վիրաւորուած Լուսիկ Ուսոյեան եւ Մուրատ Եուսա։ Նշենք, որ ազգութեամբ եզիտի Լուսիկ Ուսոյեանը երեք տարեկանին իր ծնողներուն հետ հեռացած է Հայաստանէն, սակայն Հայաստան կը մնան անոր բազմաթիւ ազգականները, որոնցմէ մէկն էր անցեալ տարուան Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին վայրագօրէն սպաննուած Քիարամ Սլոյեան։
Համբարեան ողջունեց սոյն բանաձեւին միաձայնութեամբ վաւերացումը՝ շեշտելով, որ Էրտողանին պէտք չէ արտօնուի, որ իր բռնարարքները Միացեալ Նահանգներ արտածէ։
Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ խաղաղ ցուցարարներու վրայ կատարուած այս յարձակումը ոտնակոխում մըն է ամերիկեան սկզբունքներուն եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու իրաւանց։ Հոն նաեւ կը քննադատուի այն իրողութիւնը, որ ամերիկացի քաղաքացիներ ծեծած երկու թուրք թիկնապահները, կարճ ժամանակով ձերբակալուելէ ետք՝ ազատ արձակուած են, նկատի ունենալով անոնց դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնը, հակառակ անոր որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնար անոնց անձեռնմխելիութիւնը քաշելու պահանջ ներկայացնել Անգարայի իշխանութեանց, նկատի ունենալով անոնց բռնարարքներուն տարողութիւնը։
Նաեւ կը շեշտուի, որ այս մէկը Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ արձանագրուած առնուազն երրորդ վայրագ միջադէպն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ու կը պահանջուի պաշտօնապէս ամբաստանել ու դատապարտել բոլոր թիկնապահները, որոնք խախտած են ամերիկեան օրէնքները։
Բանաձեւին նեցուկ կանգնելու համար, կրնաք ձեր քոնկրեսականներուն դիմել՝ այցելելով http://marchtojustice.org/issues/erdogan-call եւ anca.org/rapid կայքէջերը։