ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, անցեալ Ապրիլին կայացած ընտրութիւններուն հիման վրայ, Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան անդամ վերընտրուած էր դոկտ. Արմինէ Յակոբեան:
Հոգաբարձութեան Մայիս 16ին կայացած նիստին ընթացքին, դոկտ. Յակոբեան միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ այդ մարմինի ատենապետը՝ չորրորդ անգամ ըլլալով։ Այս աշխատանքին նկատմամբ իր ստանձնած յանձնառութեամբ, իր նուիրումին, ինչպէս նաեւ կրթական ասպարէզներու մէջ իր առած որոշումներուն շնորհիւ, ան տիպար օրինակ է քոլեճի անձնակազմին եւ ուսանողութեան համար:
Պսակաւոր արուեստից վկայականին կողքին, Արմինէ Յակոբեան ապահոված է մագիստրոսի երկու տիտղոսներ, դասաւանդման եւ վարչական մարզի վեց վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ դոկտորի տիտղոս՝ կրթական մարզի առաջնորդութեան ու վերահսկողութեան ճիւղերուն մէջ: Ան շարք մը պաշտօններ ստանձնած է շրջանի վարժարաններու եւ համալսարաններու մէջ, կրթական խորհրդատուութիւն կը կատարէ ու վարկաւորման մարմիններու եւ դոկտորականներու յանձնախումբերու կ՛անդամակցի:
Դոկտ. Յակոբեան մեծարուած է Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներու, ինչպէս նաեւ շարք մը կազմակերպութեանց կողմէ՝ իր իրագործումներուն համար։ Ան անդամ է Հայկական կրթական հիմնարկութեան, ՀՕՄին, Լոս Անճելըս գաւառի վարժարաններու շրջանային մարմինին եւ շարք մը այլ կազմակերպութեանց, իսկ անցեալին եղած է Հայ կանանց միջազգային կազմակերպութեան, Կլենտէյլի գրաճանաչութեան համախմբումի, Կին քուէարկողներու միութեան եւ Արեւմտեան թեմի Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամ։
Դոկտ. Յակոբեան ներկայիս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի բարելաւման ջանքերուն վրայ եւ արդէն իսկ վերջին տարիներուն յատկանշական իրագործումներու հասած է այգ գծով։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ գործակցելով՝ ան նպաստած է քոլեճին բարգաւաճման համար քաղաքի բնակիչներէն յատուկ տուրքեր գանձելու նպատակով յաջորդաբար 325 միլիոն (2016ին) եւ 98 միլիոն տոլար (2002ին) գոյացուցած առաջադրութեանց յաջողութեան։
Ան հպարտ է, որ քոլեճը անցեալ տարի կրցած էր 7 տարուան ժամանակաշրջանով երկարաձգել իր վարկաւորումը, ինչ որ հազուագիւտ պարագայ մըն է համայնքային քոլեճներու համար։
Նշենք, որ քոլեճի ուսանողութեան մօտաւորապէս 36 տոկոսը հայ է։
Արմինէ Յակոբեան ամուսնացած է Վահէ Յակոբեանի հետ, որ Հայկական կրթական հիմնարկութեան վարչութեան երկարամեայ անդամ է: Յատկանշական է, որ Վահէն եւ Արմինէն հանդիպած են ՀԵԴի «Մուսա Տաղ» ուխտի շարքերուն մէջ, իսկ անոնց երկու դուստրերը յաճախած են ՀԵԴի ճամբարը, ինչպէս նաեւ՝ Թիւֆէնքեան եւ Շամլեան Ազգ. վարժարանները: Վահէ եւ Արմինէ Յակոբեանները նաեւ ունին հինգ թոռներ, որոնք կը յաճախեն Թիւֆէնքեան եւ Շամլեան Ազգ. վարժարանները:
Անոր սրտին ամենահարազատ աշխատանքներէն մէկը եղած է Կլենտէյլի մէջ հայկական վարժարաններու հաստատման աշխատանքի մասնակցութիւնը. նաեւ, իր ամուսնոյն հետ եղած է Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մանկամսուրի (այժմ՝ Թիւֆէնքեան մանկամսուր) հիմնադիրներէն:
Դոկտ. Արմինէ Յակոբեան կրթական մարզէն ներս իր իրագործումները կը վերարգէ իր ծնողքին։ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած իր հայրը՝ Սագօ Շատախունի, երկար տարիներով եղած է ՀՅԴի անդամ, իսկ մայրը՝ Անելքա Կորտեան, աւելի քան յիսուն տարիներու ծառայութիւն մատուցած է՝ ՀՕՄին միջոցաւ։