ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, մասնակցութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական Ու Մշակութային Միութեան, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային միութեան (ՆԱԱՍՐ) եւ «Մաշտոց» քոլեճին, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26ի երեկոյեան ժամը 8ին, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու» գիրքի գինեձօնը: Գիրքին հեղինակն է Գէորգ Պիւյիւք Յակոբեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ բեմ հրաւիրեց յայտնի ասմունքող Աստղիկ Տատուրեանը՝ անոր հակիրճ կենսագրականը ընթերցելէ ետք:
Ա. Տատուրեան հիանալի ոճով ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Մտորումներ Ճանապարհի Կէսին» գործը՝ ընկերակցութեամբ հռչակաւոր տուտուկահար Ալպերթ Վարդանեանի, որ «Տըլէ Եաման»ով հմայք աւելցուց ասմունքին:
Ապա, տոքթ. Աւետիքեան ներկաներուն հրամցուց «Հօ՜ Հորովել» երգը՝ դարձեալ ընկերակցութեամբ Ալպերթ Վարդանեանի: Հաճելի էր տեսնել «Նայիրի» պարախումը բեմին վրայ, իր երիտասարդ հայուհիներու նազելի պարերով:
Հեղինակի գիրքին ծանօթացումը կատարեց հրապարակագիր, ազգային հասարակական գործիչ, մտաւորական Յովսէփ Նալպանտեանը, որ ներկայացնելով գիրքը՝ նշեց, թէ մարդկային ստեղծագործութեան բոլոր դրսեւորումներէն ամենահաճելին, ամենալուսաւորը եւ օգտակարը գի՛րքն է:
«Ժողովուրդը լուսաւորել՝ կը նշանակէ բարձրացնել անոր բարոյական մակարդակը… Լաւ եւ որակեալ գիրքը մեզ կը դարձնէ գրագէտ եւ քաղաքակիր»չ, ըսաւ ան, ապա շեշտեց, թէ գեղագիտական հաճոյք է կարդալ եւ ըմբոշխնել «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու»՝ 800 էջանոց ծաւալուն եւ հարուստ գիրքը, որ լոյս աշխարհ եկած է 2016ի Սեպտեմբերին, Պոլսոյ «Փարոս» հրատարակչութեան կողմէ:
Նալպանտեան գիրքէն տեղեկութիւններ փոխանցեց ուսանողութեան թիւերուն, սկաուտութեան հիմնումին ու տարածման, ինչպէս նաեւ փաստական ցուցակներու մասին, որոնք հատորին տուած են տարբեր հմայք ու որակ: Ան նաեւ անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած կենսագրութիւններուն եւ գործունէութեանց տարբեր երեսներուն՝ հայ մանկավարժներու, հեղինակներու, ազգային, հասարակական եւ կրօնական գործիչներու, աշակերտաց վիճակացոյցներու, Պոլսոյ հայ վարժարաններու, ինչպէս նաեւ ժամանակագրական կարգով տրուած վարժարաններու անուններուն, իւրաքանչիւրի տնօրէններուն եւ հիմնադիրներուն՝ մինչեւ 2015 թուական:
Նալպանտեան շեշտեց, թէ այսպիսի ցուցակներ կազմելը երկար ժամանակ կը խլէ, իսկ աւելի կարեւորը այն է, որ հեղինակը ամենայն պատասխանատուութեամբ կատարած է սոյն աշխատանքը:
Յայտագիրը դարձեալ ճոխացաւ Աստղիկ Տատուրեանի կատարողութեամբ՝ Վահագն Դաւթեանի «Հայ Ժողովրդին» ասմունքով, ապա՝ երգով ու տուտուկով:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ միութեան ներկայ Ընդհանուր ժողովի ատենապետ ճրտ. Սիմոն Աճըիլաչի կինը՝ Հիլտա Աճըիլաչ, որ ընթերցեց հեղինակին քրոջ՝ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագրապետուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի առաքած նամակը, որուն մէջ ան իր փափաքը կը յայտնէր մեզի հետ ներկայ ըլլալու, բաժնելու համար այն ուրախութիւնը, որ ծնունդ կ՛առնէ հայատառ գիրքի մը լոյս ընծայման առիթով։ Ան կը յայտնէր, թէ իր ուրախութիւնը հպարտութեան զգացումով առաւե՛լ կը բազմապատկուի, երբ կը մտածէ, թէ հայատառ այդ գիրքի հեղինակը իր հարազատ եղբայրը՝ Գէորգն է, որ այս աշխատանքը յաջողեցաւ իրականացնել՝ իբրեւ արդիւնք երկարամեայ տքնաջան պրպտումներու եւ ուսումնասիրութիւններու։
Մաքրուհի Պ. Յակոբեան ապա իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէր Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Աւետիքեանի գլխաւորութեամբ՝ սոյն շնորհահանդէսի գործադրութեան մասնակից այն եօթը կազմակերպութիւններուն, որոնք մեծ պատիւ շնորհեցին՝ գնահատելով իր եղբօրը սոյն հատորի լոյս ընծայումը, եւ անբաւ ուրախութիւն պարգեւեցին իրենց ներկայութեամբ։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ բոլորիս ծանօթ փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց այս գիրքին՝ գիտութեան շտեմարան մը ըլլալուն մասին, իր անհամար էջերով, նկարներով, ցուցակներով ու տեղեկութիւններով: Փրոֆ. Քէշիշեան խրախուսեց այն բոլորը, որոնք հետաքրքրուած են մշակոյթով, կարդալ սոյն հատորը, որ հաճելի տեղեկատու մը կարելի է համարել:
Տոքթ. Աւետիքեան ապա բեմ հրաւիրեց միութեան քարտուղարուհի՝ Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսը, որ ընթերցեց դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի նամակը՝ առաքուած Փարիզէն, որուն մէջ դոկտ. Գալֆայեան կը յայտնէր այս գիրքին կարեւոր աշխատութիւն մը ըլլալուն մասին. գիրք մը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայու մեր ինքնութեան երկու կռուանները՝ եկեղեցական եւ կրթական կեանքը: Ան կը նշէր, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց պատրիարքարանի հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր, մեր եկեղեցական կեանքին մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն եւ մեր կրթական կեանքին վրայ անոնց ունեցած անդրադարձին մասին անհամար ու հանրագիտարանային տեղեկութիւններու շտեմարան մըն է սոյն գիրքը։
Ապա, գիրքի հեղինակը՝ Գէորգ Պ. Յակոբեան, իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն՝ ըսելով, որ 1973 թուականէն սկսեալ, մօտաւորապէս 10 տարի, ինք ստանձնած է Պոլսոյ Գումգաբու թաղի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի հիմնադիրի պաշտօնը։ Այդ օրերէն, ան սկսած է հաւաքելու հայկական վարժարաններու մասին հրատարակուած ամէն օրէնք, կանոնագիր, հրահանգ եւ օրէնքի համազօր՝ Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի բոլոր որոշումները, կրթական նախարարութեան կողմէ հրատարակուած ամսագիրներու հին ու նոր թիւերը: Այդ բոլորը ուսումնասիրած է ու տեսած, որ կառավարութիւններու քաղաքականութեանց զուգահեռ կ՛ընթանային փոքրամասնութիւններու հանդէպ գործադրուած օրէնք կամ հրահանգներ: Երբ ուսումնասիրած է նաեւ Օսմանեան շրջանի հայ ազգային եւ կրթական կեանքը, ան տեսած է, թէ հոն կար անծայրածիր դաշտ մը, որ չէր մշակուած: Այդ տարիներէն իսկ հեղինակը մտադրած է այդ ամբողջ տուեալները հաւաքել եւ ամփոփել հատորի մը մէջ:
Հեղինակը իր խօսքի աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ միութեան, այս նախաձեռնութեան համար, նաեւ՝ Յովսէփ Նալպանտեանին, իր տեղեկութիւնները ճիշդ ձեւով փոխանցելուն եւ ներկայացնելուն համար, Վեն Նայս քաղաքի Ս. Պետրոս Հայց. առաք. եկեղեցւոյ հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանին (որ կը ներկայացնէր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը) եւ Էնսինօ քաղաքի Սրբոց Նահատակաց Ս. եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանին (որ կը ներկայացնէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը), ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր կողքին եղան եւ քաջալերեցին զինք այս գործին համար:
Ապա տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնը՝ ձեռամբ քահանայ հայրերուն, մտաւորականներու, Պոլսահայ միութեան նախկին ատենապետ տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեանի, միութեան Ընդհանուր ժողովի ատենապետ Սիմոն Աճըիլաչի եւ այլ ներկայացուցիչներու:
Աւարտին կատարուեցաւ գիրքի մակագրութիւն, յիշատակի պատկեր եւ հիւրասիրութիւն:
Վարձքը կատար Պոլսահայ միութեան եւ մասնաւորաբար տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան:
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան սրահին մէջ կատարուեցաւ «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրեալ գիրքիս գինեձօնը։
Այս առթիւ, խորազգած շնորհակալութիււներս կ՛ուզեմ յայտնել մեր երկար տարիներու բարեկամ՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Կիլիկիոյ թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, որ ո՛չ միայն իր ներկայացուցիչ՝ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի ներկայութեամբ պատուեց երեկոյթը, այլ նաեւ գիրքս դեռ ձեռագիր վիճակին մէջ պատրաստակամութիւն յայտնեց ու նաեւ ճիգ վատնեց գիրքիս տպագրութիւնը այս քաղաքին մէջ իրականացնելու կապակցութեամբ։ Նաեւ երբ գիրքիս տպագրութիւնը իրականացաւ Պոլսոյ մէջ, եւ հասաւ մեր ձեռքը, Մուշեղ սրբազան այս քաղաքին մէջ առաջին գնահատողը հանդիսացաւ ու մեզի զօրավիգ կանգնեցաւ նիւթապէս ու բարոյապէս։
Ամենախորին շնորհակալութիւններս կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, որ իր ներկայացուցիչ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանի ներկայութեամբ պատուեց երեկոյթը։
Գէորգ Պ. Յակոբեան