ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ կազմակերպեալ յանցագործութեանց խմբակի մը ղեկավար Քիւրշատ Եըլմազ, որ անցեալ տարուան պետական հարուածի փորձէն ետք բանտարկուած էր, կարեւոր տեղեկութիւններ խոստովանած է Կիւլենի շարժումին առնչութեամբ։ Այս տեղեկութիւնները հաւաքուած են 14 էջերէ բաղկացած տեղեկագիրի մը մէջ։
Ամէնէն կարեւոր տեղեկութիւններէն մէկը կը վերաբերի Հրանդ Տինքին։ Քիւրշատ Եըլմազ պատմած է, որ 2005ին տեսակցութիւն մը ունեցած է կիւլենականներու ամէնէն ազդեցիկ անդամներէն մէկը հանդիսացող Իսմայիլ Է. անունով անձի մը հետ, եւ որ այս վերջինս խօսած է Հրանդ Տինքի մասին։
«Այս հայ լրագրողը կը ջանայ կազմել հայկական լոպի մը եւ նեղ կացութեան կը մատնէ մեր երկիրը. պէտք է, որ այս մարդը սպաննուի», ըսած է Իսմայիլ, առաջարկելով Եըլմազին, որ Հրանդ Տինքը սպաննելու պարտականութիւնը ստանձնէ։ «Դուն կազմակերպէ ու քաշուիր։ Քեզի որեւէ վնաս չի հասնիր», ըսած են իրեն, սակայն ինք մերժած է ստանձնել այսպիսի պարտականութիւն մը։