ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Կիրակի օր, Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին համար մատուցուած Ս. պատարագին:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին՝ պատարագին մասնակցեցան հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմը, զինուորներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: