ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Գարնան ամիսներուն, միշտ ծանրաբեռնուած կ՛ըլլայ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը:
Խնդրայարոյց օրերը կը սկսին Մարտ 21ով: Այդ օր, մեր տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար գարնանամուտ է: Օր ու գիշերի հաւասարուած օրն է այդ: Սակայն վերջին տարիներուն, շնորհիւ քրտական ազգային զարթօնքին՝ ունեցաւ նաեւ քաղաքական նշանակութիւն: Քիւրտերը հին աւանդազրոյց մը կը յիշատակեն Նեւրուզի առթիւ: Դարբին Քաւայի պատմութիւնն է այդ: Պատմութիւն՝ որ հիւսուած է հերոս Դարբինի կապանքներէն փրկութեան խորհուրդով: Հին աւանդութեան համաձայն եթէ հսկայ խարոյկներ կը բոցավառուէին դաշտերու մէջ, ապա քաղաքներու մէջ այդ խարոյկներուն տեղ կրակի տրուեցան ինքնաշարժի անիւներ: Եթէ անցեալին ուրախ բացագանչութիւններով երիտասարդներ կը ցատկէին այդ խարոյկին վրայէն, այս անգամ քաղաքական կարգախօսներ, լօզունգներ ու վանկարկումներ կը հնչէին բոցէն աւելի ծուխ արձակող անիւներու վրայէն ցատկողներու շրթներէն:
Հազիւ կ՛անցնի Մարտ 21ը, կը թեւակոխենք Ապրիլ, եւ Ապրիլն ալ ունի իր ուրոյն հոգերը: Այս տարուան համար Ապրիլի ամենալարուած, ամենասրուած օրը եղաւ ամսուն 16րդ օրը: Ինչպէս ծանօթ է, երկրի ճակատագիրին վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցող հանրաքուէ մը կայացաւ այդ օր: Հանրաքուէն արդէն իր նախապատրաստման փուլին ազդարարութիւններ տուած էր, թէ որքան փորձանքաբեր կրնայ ըլլալ: Արդարեւ, քարոզարշաւի շրջանին սկսան ոստիկանական բռնութիւններ, որոնց յաջորդեցին մեծ թիւով ձերբակալութիւններ: Կարծես քարոզարշաւը արգիլուած էր բոլոր անոնց համար, որոնք մտադիր էին մերժել իրենց պարտադրուած սահմանադրական փոփոխութիւնները:
Սահմանադրութիւն՝ որ նաեւ կը ներկայացուի իբր հասարակութեան համաձայնած կամք, այս օրինակին մէջ բաւական հեռու էր այդ սահմանումէն: Վերջապէս, խորհրդարանը պիտի կորսնցնէր իր լիազօրութիւններու կարեւոր մէկ մասը եւ օրէնսդրութիւնը պիտի թողուր միայն մէկ անձի կամքին: Բնականաբար, բաւական մեծ էր նաեւ այս պարտադրանքին դէմ առարկութիւն ունեցողներուն թիւը: Ահա՛ այս պայմաններուն մէջ կայացաւ հանրաքուէն եւ, ինչպէս կ՛ակնկալուէր, տեղի տուաւ շատ լուրջ հակազդեցութիւններու: Ինքնին այս ալ բնական եւ հասկնալի էր, քանի որ քուէարկութեան գործընթացը դասաւորելու պաշտօնակոչուած Ընտրութեան բարձրագոյն խորհուրդը խաղի շարունակուած պահուն փորձած էր կանոնները փոխել: Նախապէս իր որոշումով պարզուած էր, թէ չեղեալ պիտի համարուին ընտրատարածքի կնիք չունեցող թերթիկները: Սակայն, վերջին պահուն, անոնք յանկարծակիօրէն ընդունելի համարուեցան՝ տեղի տալով բուռն հակազդեցութեան: Շուտով յաջորդեց Թուրքիոյ համար մտահոգութեան աղբիւր դարձած այլ թուական մը՝ Ապրիլ 24ը: Այսինքն՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերուն յիշատակման օրը: Բռնութիւնը այսպէս բան մըն է: Թէ՛ կու գայ եւ կը սպաննէ, թէ՛ չի թողուր, որ սուգդ ապրիս: Դուն մեռեալներուդ յիշատակը կը յարգես, իսկ ան իրեն դէմ ատելութիւն կը գտնէ այդ յիշատակումիդ մէջ: Ուրեմն բռնակալը չխրտչեցնելու համար պիտի խուսափիս նաեւ սուգդ ապրելէ: Եթէ ոչ՝ յանկարծ այդ դիւրզգաց ու դիւրագրգիռ միտքը իր բոլոր ուժով կու գայ յարձակիլ՝ ըսելով, թէ իր պապերը կը նախատես: Մինչդեռ հաշիւը պարզ է. եթէ դուն ոճրագործները պիտի փառաբանես՝ «իմ պապս է» ըսելով, ուրիշ միջոց չունիս, պիտի հանդուրժես այդ ոճրագործ պապերուդ նախատինքը: Երեւոյթը որքան ալ յուսադրող չըլլայ, կարծես հետզհետէ կը գոյանայ այս գիտակցութիւնը Թուրքիոյ որոշ շրջանակներու մէջ: Անշուշտ անբաւարար, բայց գոնէ փոքր ինչ բարեփոխում մը՝ սա դաժան պայմաններուն մէջ: Չէ աւարտած գարնանային խնդիրի օրերը, քանի որ կը պատրաստուինք Մայիս Մէկին: Իսկ ի՞նչ կը կարծէք. Մայիս 6ը՝ Տենիզ Կեզմիշի եւ իր ընկերներուն կախաղան ելած օրը, զա՞նց պիտի առնենք: