ԵՂԻՍԱԲԷԹ (ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ) ՔԱՑԱԽԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1926ին, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ քրոջ, տալոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Եղիսաբէթ Քացախեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 23, 2017ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017, կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Hills մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Եղբօր կինը՝ Մարի Գազանճեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Երուանդ եւ Շաքէ Գազանճեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Կարօ եւ Մարօ Գազանճեան եւ ընտանիք
Եղբօր կինը՝ Արաքսի Գազանճեան եւ ընտանիք
Եւ համայն Հինտոյեան, Կէօնճեան, Եփրեմեան, Տէքէրմենճեան, Թալերօ, Գույումճեան, Մարկոսեան, Միքայէլեան, Պալեան,
Գոսագեան, Աբօշեան, Տարագճեան, Գալուստեան, Քացախեան, Պէյլէրեան, Գիզիրեան, Սեմերճեան, Թաթլեան եւ Գազանճեան ընտանիքներն ու հարազատները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղին։