ՊԵՏՐՈՍ Յ. ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Կոմիտասի մասին քիչ չէ գրուած. որքան ի՛նք գրած եւ խօսած է հայ երգի մասին, նոյնքան եւ աւելի գրուած է նաեւ ի՛ր մասին:
Մեր ըսելիքը մասնայատուկ է՝ հիմնուած Կոմիտասեան բազմաձայներգութեան օրինակի մը վրայ: Ի՞նչ պիտի ըլլար հայ երգի ապագան, ո՞ւր մնացած պիտի ըլլար Հայ Երգը եթէ չըլլար Կոմիտասի կատարած գործը: Հայ երգահանները ո՞ր համաշխարհային դպրոցին կամ ուսմունքին պիտի յարէին, կամ ո՞ր ուսմունքին աշակերտները պիտի ուզէին եղած ըլլալ՝ եթէ Կոմիտաս հիմնած չըլլար հայ ազգային ուրոյն ստեղծագործական դպրոցը: Կոմիտաս ոչ միայն հայ գեղջուկ երգին հողածին հոգին ներզգաց, այլ իւրաքանչիւր հայ երգին մէջ ա՛յդ հոգին փնտռեց եւ անոր գիւտը ըրաւ: Այնուհետեւ ան հայ երգը որբ չձգեց, այլ հիմնական պատուանդանի վրայ դրաւ՝ հանդիսանալով մշտավառ-անմար փարոսը բոլոր ժամանակներու հայ երգաստեղծագործներուն:
Ան եղաւ գիւտարարը, ի մասնաւորի, զտարիւն հայ բազմաձայներգութեան, առանց նուագարանային ընկերակցութեան:
Եւրոպական դասական բազմաձայնութիւնը, որուն հիմնաւոր գիտութեան եւ խստամարմին օրէնքներուն հետ հմտացաւ Կոմիտաս Պերլինի մէջ (1896-1899), բազմաթիւ ձայներու միատեղ եւ միաժամանակ հնչեցնելու եւ այդ բազմաձայն հրետանին շարժման մէջ դնելով՝ հաղորդականութիւնը զարգացնելու արուեստ-գիտութիւնն էր, որ տակաւ կը բարդանար ժամանակին ընդմէջէն տեսաբաններու եւ խիզախ յօրինող երաժիշտներու ջանքերուն եւ ներդրումներուն շնորհիւ: Կոմիտաս շուտով դէմ առ դէմ գտնուեցաւ այդօրինակ նոր եւ բեղմնաւոր ձայնարուեստին: Այդ առինքնող արուեստը կարելի՞ էր կիրարկել սկզբունքով միալար-միաձայն հայ գեղջուկ համեստ երգերուն, եւ այդ՝ ոչ թէ անպայման եւրոպական երգագեղարուեստը հայ մինուճար երգին «զօռով» պատշաճեցնելու սին յաւակնոտութեան գոհացում տալու համար, այլ հայ տոհմիկ միալար երգագիծին նո՛ր իմաստ տալու հիմնաւոր ու ներգործիչ պայմանով: Հայ երգը հաճոյքի-ժամանցի առարկայ չէր եղած երբե՛ք Կոմիտասի մօտ, այլ՝ կենսական շնչառութիւն, սրտի տրոփ, էութեան առանցք, ներուժի աղբիւր, այսինքն հայ երգը հայ իմացականութեան կորիզներէն մէկն էր: Արդ, նոր բան կարելի՞ էր ներմուծել հայ երգամտածողութեան մէջ: Կոմիտաս ըսաւ՝ այո՛. կարելի է: Բայց ինչպէ՞ս:
Հայ երգը, իր ինքնահոս բնականէն եւ բանահիւսական-կենցաղայինէն դէպի գրաւոր-ձայնա-գրեալ վիճակին վերածուած էր արդէն. Կոմիտաս հարց դրաւ՝ ի՞նչ ձեւի տակ զայն պահպանել ու զարգացնել զայն յետնորդ սերունդներուն փոխանցելու համար: Արժանի էր որ հայ երգը աշխարհին ներկայանար ամբողջական նոր տարազով, բարձրանար համաշխարհային մակարդակի՝ նո՛ր տարածքով եւ իր նախնական պարզուկ նկարագիրը ստանար նո՛ր իմացական տեսիլք ու խտութիւն: Եւ ահա Կոմիտաս Պերլինի մէջ հետզհետէ սկսաւ իր միտքին մէջ յղանալու հայ երգչախմբային բազմերգութիւնը կամ հայ բազմերգային իւրայատուկ արտայայտութիւն մը՝ համամակարդակ եւրոպականին բայց իւրայատուկօրէն հայկական:
Այսպէս, եթէ ձայն յղացքը լոկ վերացական ձայնանշային հնչողութիւն մըն է՝ միայն ականջին եւ իմացականութեան գոհացում տուող, այդ նոյն ձայնը, բազմապատկուելով հանդերձ, ինչպէ՞ս կրնայ խորապէս օգտակար ըլլալ հայ երգաշնչաւորումին: Հայ միածիր երգը ձայնահնչիւն մը չէ միայն: Կոմիտաս հոն չէր տեսներ մի-միայն կէտ-նոթաներով գոյացած գիծ-մեղեդիներու շարքեր, որոնք պիտի բազմաձայնուին յատուկ տրամաբանական եւ ականջին ու իմացականութեան համաշունչ օրէնքներով: Կոմիտասին գիւտը կը կայանար «հաճելի» ձայն/բազմաձայնութենէ անդին ընդնշմարուող երգ-խորանարդ տեսիլքին մէջ, այսինքն՝ Հայ Երգին համապատասխանող բազմերգութեան նոր անջրպետի մը տեսիլքը: Կոմիտասին խորունկ հաւատքով հայ Երգը չէր կայանար պատահմամբ քով-քովի դրուած քանի մը նոթաներու մէջ, այլ, այս վերջինները մաս կը կազմէին բազմանդամ բայց անտես, այսինքն՝ անտեսանելի եւ անտեսուած ընտանիքի մը, որմէ անջատուած ու որբացած միաւորներն էին անոնք (հայ որբուկներու նման), այսինքն՝ տեսանելի-ունկնդրելի դարձած ընդերքային մերկ անդամը, ըսենք այլաբանականօրէն՝ անտեսանելի Ծառի մը տեսանելի մէկ ճիւղն ու ոստը: Կոմիտաս փնտռեց ու գտաւ հայ երգին ա՛յդ ծառը, հին ընտանիքը, ընդերքային խորանարդը, հին երգատոհմի մը միւս երգանդամները. այսպէս՝ Կոմիտաս յաջողեցաւ բազմանդամացնել մերկ-անդամ հայ երգը՝ միջ-ընտանեկանացնելով հայ երգին միալարութիւնը: Այս գիւտով ի մի բերած եղաւ այդ միալարութեան զիրարաընդելուզիչ բացակայ-աներեւութացած երգաձայնախմբաւորումները: Այսպէս, հայ միալար-միահոգի-միատրոփ «ծուէն»ները դադրեցան տեղայնացած «որբուկներ» ըլլալէ ու գտան իրենց հարազատ ընտանիքի միւս երգանդամ որբուկները, այսինքն՝ Կոմիտաս հայ միալար էակ-երգը «ամուսնացուց» ազգակից նմանօրինակ երգանդամի հետ, որպէսզի անոնք միասին բազմանան ու բարգաւաճին՝ ո՛չ թէ օտարոտի հարմոնիա-պոլիֆոնիա քիչ մը շատ անհարազատ օրէնքներու համաձայն, այլ իրենք իրենց հոլովումը ապրին՝ հարազատօրէն միախառնուելով իրարու հետ, եւ, այսպէս ձուլուած իրարու մէջ՝ ստեղծեն հայկական ուրոյն ու միատարր ձայնա-երգային կորիզ, այսինքն Հայ Երգային Ընտանիքը՝ իր ուրոյն համաստեղութեամբ: Այս հատուածին մէջ կը փորձենք, վերի մտերիմ պատկերներու օգնութեամբ, բացայայտել կոմիտասագէտ Ռոպերտ Աթայեանի, իր կողմէ խմբագրուած «Կոմիտասի Երկերի Ժողովածու»ի (ԿԵԺ) Բ. հատորի (Երեւան, 1965, «Խմբագիրի Կողմից»ի, էջ 6), հետեւեալ «ինքնատիպ արուեստը» հաստատումը. «… Խմբերգային գրութեան մէջ Կոմիտաս մշակեց եւ բարձր զարգացման հասցրեց պոլիֆոնիայի ու հարմոնիայի իր ինքնատիպ արուեստը» եւ «…Կոմիտասն ստեղծեց չափազանց խորիմաստ… ազգային երաժշտական կերպարներ»:
Օրինակով մը բացատրեմ՝ ինչ ըսել կ՛ուզեմ եւ երգաոստերը ինչպէս կ՛ընդելուզուին իրարու:
Առնենք մեր բազմերգային հարազատագոյն օրինակներէն ոչ-ծաւալուն «Ձաւարածեծ» խմբերգին «պատմութիւնը» (Կոմիտասի իւրաքանչիւր խմբերգ ունի իր ուրոյն ընտանեկան պատմութիւնը): Կոմիտասագէտ Ռ. Աթայեան կ՛ըսէ, թէ այս խմբերգը արդիւնքն է համալրման ու միացման երեք ինքնուրոյն երգ-մոթիֆներու, «որոնցմէ իւրաքանչիւրը պատկերում է ձաւար ծեծելու աշխատանքի մի դրուագը» (ԿԵԺ, հտր. 3, էջ 304): Ահա միածին-որբ երգային երեք այն անդամները որոնք «ընտանեկան» բոյն կազմած են նոյն յարկին տակ՝ հոն բերուած ըլլալով Կոմիտաս վարդապետի կողմէ: Անոնցմով վերամիաւորուած է «Ձաւարածեծ» խմբերգի տոհմերգային գերդաստանը եւ, այսպէս վերակազմաւորելէ ետք, Կոմիտաս ամբողջացուցած է անոր բազմերգային տոհմատունը:
Որո՞նք են ուրեմն «Ձաւարածեծ» խմբերգին եռանդամ երգասիւները.
(ա) «Վարէ, վարէ, վարէ լըման / վարէ վարանդ(?) հայու նըման»՝ երկու անգամ (երգը կը կրկնուի նոյն եղանակով՝ առաջին ութ վանկերէն ետք, յաջորդ ութ վանկերուն հետ): Այս առաջին անդամը կը հնչեցնեն ալթօները. անիկա ունի խիտ եւ խիստ, վանական լրջութիւն եւ ծանրակշռութիւն ներշնչող երգագիծ: Ասոր կը հետեւի իր արձագանգը, ըսել է նոյն երգը տարբեր բառերով՝ կրկին երկու անգամ ութ վանկանի: Ալթօները առանձին չեն. անոնց կ՛ընկերակցին բամբերը (պաս)՝ կտրտուած, ծանր լռութիւններով ընդմիջուած. այս վերջիններուն բառերը կանչային միջարկութիւններ-ձայնարկութիւններ են, որպէս մարդկային կենարար աշխատանքին զուգահեռ մարդ-ոգիի ներկայութեան ֆիզիքական պարտադիր փաստ. այսպէս՝ «Հա՛, հը՜մ հա՛, ….. հը՛մ հա՛», երկու անգամ: Այսպէս երգային սանդը կը ստանայ առաջին «հարուածները», որոնք «հացահատիկը» պիտի վերածեն կենսատու օրհնութեան: Այս կոշտ բայց կուռ բացագանչութիւններու ետին պէտք է տեսնել բամբերուն (հասկնալ՝ մեր հին պապիկներուն) ցորենին ուղղուած օրհնութեան անբառելի աղօթքը կամ սէրն ու զոհողութեան ցնծութիւնը, եւ ոչ՝ յոգնածութիւնը ցրուելու օգնող կախարդական ինչ որ հրայրք:
(բ) Մինչ բամբերը կը շարունակեն իրենց անդնդախոր շնչերգութիւնը՝ «Հա հըմ հա… հըմ հա», ներս կը մտնեն զիլերը (սօփրանօ): Անոնք կը ներմուծեն այս «ընտանիք»ին երկրորդ տոհմանդամը՝ միշտ երկու անգամ ութ վանկանի ձեւաչափով՝ «Հազար բարի բաժնէ վերէն / փունջ ըռեհան բուսէ վերէն»: Թենորները կը զուգերգեն զիլերուն հետ, բայց յանկարծ պասերը կը նախանձին թենորներուն եւ, վայրկեանի մը համար մոռնալով իրենց «հա հըմ հա»ները, կը մեղեդիանան ու կ՛երգեն երկրորդ ութվանկանի հատուածը՝ «փունջ ըռեհան բուսէ վերէն»ը: Ամբողջ հատուածը կը յանգի երկար ձայներու՝ բոլորին կողմէ, կը պատրաստուին տալու վերջի գրոհը: Կարեւոր է գիտնալ թէ այստեղ, նաեւ ո՛չ մէկ տեղ Կոմիտասի հոգիին պրիսմակէն անցնող հայ երգի մէջ, մենք չենք լսեր երբե՛ք մեղրածորան, մեղկացնող, թաւշամարմին, նոյնիսկ գգուաշունչ մեղեդի: Հոս՝ մանաւանդ. հայ անհատին բնական հող-ցորեն-չարքաշութիւնը, քրտնաջան առօրեան, վանած են բոլոր տեսակի մեղկութիւնները, պարզելով ուղիղ հակա-պատկերը, օրինակ ֆրանսական վիպապաշտ օփերաներու արիաներուն: Կը բաւէ լսել, համոզուելու համար, վերջին երգանդամը այս զարմանահրաշ բայց, ափսո՜ս, շատ կարճ խմբերգին:
(գ) «Վարէ, վարէ, վարէ հը՛մ հա՛», երկու անգամ, կրկին ութ վանկանի: Այս անգամ կշռոյթն ու ընթացքը (թեմփօ) հիմնովին կը կերպարանափոխուին: Այսպէս, երեք «տոհմաերգասիւները», խօսքը մէկ ըրած, կը լծուին երկրաշարժային ցնցումներով, տօներգելու ցորենին կամ սանդին փառքը, իսկական տոհմային մեծ խրախճանքով՝ երբ բոլոր հինգ ձայները (երկու կարգ թենոր) միատեղ, արբեցած, կը փառաբանեն բնութեան-երկինք-հողի բերքը: Բոլոր տոհմանդամները հոն են, զիրար գրկած, միամարմին, միաշունչ, միահոգի: Ամէնէն երջանիկները զիլերն են՝
«Վարէ հա՛, ջանէ հա՛, վարէ հա՛, հը՛մ հա՛» երկու անգամ, 11 վանկանի ցնծերգութիւն՝ 2/4 չափի մէջ: Կոմիտաս մազաչափ չի շեղիր երգին ներքին լարումէն, հաստատուն ուղեգիծէն. «ձաւարածեծ»ը կը մնայ ինչ որ է, կը զարգանայ սանդի ծեծահարումը՝ ոչ մեղեդիական համակարգով, այլ հուժկու կշռութային ցնծայորդ երգատրոփիւններով: Երկրորդ թենորներն ու բամբերը կը ներկայացնեն փոխն ի փոխ սանդին հասած շեշտակի հարուածները, ալթօները նոյնպէս բացագանչական շեշտերով կը հետեւին վերիններու ձայնահարուածներուն:
Կենսափառատօնը պանծացնողները գլխաւորաբար զիլերն ու առաջին թենորներն են՝ «Վարէ հա՛, ջանէ հա՛, …», լուսերգութեան մէկ նոր դրսեւորում, ուր «լոյս»ը արդարօրէն կը շողայ ու կը խտանայ ծեծուած հացահատիկներէն:
Այս երրորդ՝ վերջին հատուածը պէտք է կատարել աւելի քան երկու անգամ, իրարու ետեւէ, հետզհետէ ուժգնութիւնը աւելցնելով՝ առանց որ արագութիւնը յաւելում կրէ, տրուած ըլլալով որ անիկա կը մարմնաւորէ արբեցումի գագաթնակէտը, հողի-աշխատանքի փառքը, քանզի այս ցնծերգութիւնը աշխատանքի ու զոհողութեան վեհութեան ծոցէն բարցրացած բնական, նաեւ գերբնական աղօթքն է՝ բնութեան, Աստուծոյ եւ հայ-մարդ էութեան ուղղուած:
Այս կարգի վեհագոյն օրինակներէն է «Լօրու գութաներգը» Վարդաբլուր գիւղի ոճով, որուն գիտական մանրամասն վերլուծում-քննարկումը կատարած է ի՛նքը՝ մեծն Կոմիտասը (տես «Նաւասարդ» Տարեգիրք, Ա, 1914, Պոլիս, էջ 312-341):
Հեշտ գործ մը չէ քանի մը սեղմ էջերու մէջ խտացնել, այսքան հարազատօրէն, վեհօրէն ու վաւերականօրէն մեր հի՜ն-հի՜ն առօրեան վերակոչող սոյն աշխատանքային երգը: Ահա աւելի քան դասական օրինակ-բնորդ մը, անսայթաք ուղեգիծ մը ապագայ մեր բոլոր յօրինող երաժիշտներուն, ուրկէ կարելի է ըմպել անմահական նեկտարը եւ հա՛յօրէն հզօրանալ, սերտելով Կոմիտասեան հրաշագործ, հայակորիզ շունչը, մտերմանալէ ետք անոր անմերձենալի եւ գերմարդկային մեծութեան հետ:
Տեղ մը ըսուած է. «…Ելաւ ծիածան Մասիսի արցունքից»: Մենք ալ կրնանք ըսել. «Ծնած էր Կոմիտաս մաքրամաքուր ադամանդեայ հայ գիւղի հողին ընդերքէն»:
Յարգանք ու պատկառանք մեր մեծագոյն Հայուն:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՌԻՉՄԸՆՏ – ԹԵՔՍԱՍ
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր» Կոմիտէ
ՊԸՐՊԵՆՔ
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Արազ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Սիփան» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Վարագ»
եւ «Կայծակ» Ուխտեր
Պըրպենքի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Պըրպենքի «Մարտիրոսեան» Երիտասարդական Կեդրոն