ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը Ապրիլ 18ի թիւով անդրադարձած է Թուրքիոյ հանրաքուէի արդիւնքին մասին շարք մը անձնաւորութեանց մեկնաբանութիւններուն։ Անոնցմէ մէկը եղած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ ըսած է հետեւեալը. «Միայն Պոլսոյ մէջ չէ՛, այլ բազմաթիւ մեծ քաղաքներու մէջ «ո»չը գերակշռող մնաց։ Ես ասիկա շատ բնական կը նկատեմ, նոյնիսկ աւելի՛ն կը սպասէի։ Ասիկա իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համար մեծ պարտութիւն մը եղաւ։ Բայց անոնք լուրջ գերիշխանութիւն մը հաստատեցին միայն այն նահանգներուն մէջ, ուր իշխող եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները զօրաւոր էին, եւ այս տարբերութեամբ կրցան «այո»ն յաջողցնել։ Երանի՜ թէ ո՛չ միայն մեծ քաղաքներու մէջ, այլեւ Թուրքիոյ չորս կողմը մե՛նք ալ այսպիսի աշխատանք տանէինք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.