ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 13ին քննուեցաւ լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի բողոքարկումը՝ իր կալանքը երեք ամիսով երկարաձգելու մասին Պաքուի Նասիմինի շրջանային դատարանի Ապրիլ 7ի որոշումին:
Այդ լուրը հաղորդած ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ քննելէ ետք՝ դատարանը մերժեց բողոքարկումը:
Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի հանդիսացող Լափշին ձերբակալուած էր Մինսկի մէջ, 2016ի Դեկտեմբեր 15ին, Ատրպէյճանի դիմումին համաձայն, եւ այս տարուան Փետրուար 7ին յանձնուած էր Պաքուին։ Լափշին կրնայ մինչեւ 8 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ՝ պարզապէս Արցախ այցելելուն համար։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան, անդրադառնալով արտայանձնումին՝ ըսած էր, որ Լափշինի հետապնդումը անոր խօսքի ազատութեան, ազատ տեղաշարժին ու մարդկային հիմնարար այլ իրաւունքներուն՝ «կոպտագոյն ոտնահարում է, որը կրկին անգամ ի ցոյց է դնում բռնապետութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ առկայ խորը անդունդը»։