ԷՆՍԻՆՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 2ի երեկոյեան, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով եւ զոհուած զինուորներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկը, որուն ներկայ էին աւելի քան 300 հայորդիներ։
«Ոգեկոչման նման ձեռնարկներ, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, կը վերահաստատեն մեր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու մեր յանձնառութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով աշխարհին, թէ Սփիւռքը կենսական դերակատարութիւն ունի Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ», կը յայտնէ «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւի յանձնախումբի ատենապետուհի Վերժինի Թուլումեան։
Յուշ-երեկոյի հանդիսավարն էր նշեալ յանձնախումբի անդամներէն Ալիք Ուրֆալեան, որ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք իր կատարած բացման խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ Արցախի ազատագրական պայքարին նկատմամբ անտարբերութեան վտանգները։
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցան տեսանիւթեր՝ Արցախի ներկայ կացութեան, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին, անոր ընթացքին ու անկէ ետք զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու նպատակով հաստատուած «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին մասին։
Ապա, յանձնախումբի այլ անդամ մը՝ Հրաչ Աւետիսեան, տեղեկութիւններ փոխանցենց «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին կողմէ տարուած վերջին մէկ տարուան գործունէութեան մասին, միաժամանակ շեշտելով, որ արշաւը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը։
Յիշեցնենք, որ արշաւը, Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ, Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք զոհուած 112 զինուորներու ընտանիքներուն կրցած է 130,000 տոլար օժանդակութիւն տրամադրել:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթներ ունեցան Քրիստափոր Արապեան, «Փիլիպոս»ի աշակերտները, ՀԵԴի Կրտսերները եւ «Ֆերահեան»ի երգչախումբը։
Նաեւ, մոմավառութեան ընթացքին, ՀԵԴի Կրտսերներու 5 անդամներ կարդացին զոհուած զինուորներու կենսագրականներ, իսկ քառօրեայ պատերազմին ընթացքին վիրաւորուած զինուոր Արման Աւետիսեան խօսեցաւ հայկական բանակին մարտունակութեան մասին՝ վստահեցնելով, որ «Ղարաբաղը մե՛րն է. Արցախը մե՛րն է»։
Ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ համայնքը մօտէն ծանօթացնելու համար այն քաջարի տղոց, որոնք Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին իրենց կեանքը տուին՝ պաշտպանելու համար մեր հայրենիքը:
2012ին հաստատուած եւ անցեալ տարի վերաշխուժացած այս արշաւին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար, այցելել www.withoursoldiers.com կայքը: