ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն արգիլել Գերմանիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն՝ հանդիպիլ գերմանական «Վելթ» թերթի Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած լրագրող Տենիզ Եուճելի հետ: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է, որ այս իրողութիւնները «մտահոգիչ են եւ զայրացնող»: Ան ընդգծած է, որ իրենք պիտի շարունակեն պահանջել Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որ յարգեն լրագրողին հետ հանդիպումը արտօնելու մասին իրենց տուած խոստումը: Յիշեցնենք, որ Եուճել ձերբակալուած էր Փետրուար 14ին: Ան կը մեղադրուի «ահաբեկչութեան քարոզչութիւն կատարելով, ժողովուրդը թշնամանքի դրդելով»:
Միւս կողմէ, Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէ»չ թերթի 19 պաշտօնեաներուն, ներառեալ՝ գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարի դէմ, «ահաբեկչական զինուած կազմակերպութեանց աջակցելու» ամբաստանութիւն կատարած է։