ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Սփութնիք» լրատուամիջոցի թրքական ծառայութիւնը կը գրէ, թէ Ռուսիոյ մօտ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատատ Ապրիլ 4ին անդրադարձած է Սուրիոյ սահմաններէն ներս ռազմական նոր գործողութիւններ իրականացնելու մասին Թուրքիոյ սպառնալիքներուն՝ շեշտելով, որ նման քայլեր Սուրիոյ վրայ «բացայայտ յարձակում» պիտի նկատուին Դամասկոսի իշխանութեանց կողմէ։
Նշենք, որ թուրք զինուորներուն մէկ մասը կը շարունակէ Սուրիա մնալ, հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիա անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, թէ աւարտած է Սուրիոյ տարածքէն ներս իրականացուող «Եփրատի վահան» գործողութիւնը:
«Մենք թուրք զինուորներուն ներկայութիւնը կը համարենք բռնագրաւում: Անիկա մեր երկրի ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած բացայայտ ոտնձգութիւն է», աւելցուցած է Հատատ:
Յայտնենք, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ապրիլ 3ին յայտարարած էր, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ նոր գործողութիւններ պիտի իրականացնէ՝ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յենակէտները ոչնչացնելու համար»։Ան աւելցուցած էր, թէ «անակնկալներ ունի» Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, «Իսլամական պետութեան» եւ Կիւլենի համայնքին համար: