ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ, «Նիուզ».- Հինգշաբթի, 22 Մարտին, Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) տնտեսութեան նախարար Սուլթան Պն Սայիդ Ալ Մանսուրիի հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայ-էմիրաթական համատեղ ներդրումային հիմնադրամ հիմնելու քայլերը:
Հայկական կողմը պայմանաւորուած է յառաջիկային էմիրաթական կողմին ներկայացնել զանոնք հետաքրքրող շարք մը ներդրումային ծրագիրներ:
Երկու նախարարները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-ԱՄԷ ապրանքաշրջանառութեան, արտահանումներու ծաւալներու աճին հետ կապուած խնդիրներուն: