ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ Սերժ Սարգսեան պիտի մասնակցի Մարտ 22ին Ապու Տապիի մէջ կայանալիք Հայաստան-Էմիրութիւններ ներդրումային համաժողովին, որուն իրականացման համար պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր անցեալ տարեվերջին Հայաստանի նախագահի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած պաշտօնական այցին ընթացքին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Կարէն Կարապետեան Մարտ 27ին, աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Թուրքմէնիստան: Կարապետեանին պիտի ընկերանայ պատուիրակութիւն մը, որուն կազմի մէջ պիտի ըլլան նախարարներ Սուրէն Կարայեան, Աշոտ Մանուկեան, Վահան Մարտիրոսեան, Սերգէյ Աւետիսեան եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան եւ այլ պաշտօնեաներ: