ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիա յառաջիկայ օրերուն նոր գլխացաւ մըն ալ պիտի ունենայ, այս անգամ՝ Գերմանիոյ մէջ բացուելիք յուշարձանի մը պատճառով։
«Տողան» լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ Քէօլն քաղաքի քաղաքապետութիւնը արտօնութիւն տուած է, որ քաղաքի «Լեհմպահր Վեկ» գերեզմանատան մէջ կանգնեցուի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան մը։ Այսպիսի յուշարձան մը հաստատելու առաջարկը կատարուած էր երկու տարի առաջ՝ 2015ին, քաղաքի հայ համայնքին կողմէ, եւ երկու տարուան սպասումներէ ու զարգացումներէ ետք, այժմ քաղաքապետական խորհուրդը արտօնութիւնը շնորհած է վերջապէս։ Գերեզմանատան մէջ կայ նաեւ իսլամներու պատկանող հատուած մը։
Որոշումին դէմ բողոքելու նպատակով յայտարարութիւն մը ըրաւ Քէօլնի թուրքերու համախոհութեան ու նախաձեռնութիւններու հարթակի բանբերը՝ Լեւենտ Թաշքըրան։ Ան ըսաւ, որ երկու տարիէ ի վեր կը հետեւին զարգացումներուն ու այս որոշումին արգելք ըլլալու համար՝ քաղաքապետութեան ու Քէօլնի քաղաքական շրջանակներուն հետ անհրաժեշտ հանդիպումներ ունեցած են։ «Բայց, դժբախտաբար, Քէօլնի քաղաքապետական խորհուրդը, ա-ռանց թրքական կողմի տեսակէտը նկատի առնելու՝ ընդունեց որոշում մը, որ քաղաքական ենթահող ունի», ըսաւ Թաշքըրան եւ աւելցուց, որ այսպիսով թուրքերը անարգուած են, եւ որ թուրքերուն համար անընդունելի է «հակաժողովրդար այս որոշումը»։