ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնները կրակ կը ժայթքեն Հոլանտայի ու այլ եւրոպական երկիրներու դէմ, թուրք նախարարին Հոլանտա մուտքը արգիլելու որոշումին կապակցութեամբ։
Այս կապակցութեամբ, Անգարայի խոստացուած պատժամիջոցները բացայայտուեցան Մարտ 13ի նախարարաց ժողովէն ետք, երբ կառավարութեան խօսնակ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց, թէ որոշուած է արգիլել Թուրքիա վերադարձը Հոլանտայի դեսպանին, որ ներկայիս Հոլանտա կը գտնուի՝ արձակուրդի համար։ Դեսպանը Թուրքիա պիտի չընդունուի այնքան ատեն, որ Հոլանտա գոհացում չի տար Թուրքիոյ պահանջներուն։
Քուրթուլմուշ նաեւ ըսաւ, որ բարձր մակարդակի բոլոր յարաբերութիւնները պիտի խզուին եւ հոլանտացի դիւանագէտներ պիտի չկարենան Թուրքիա գալ, իսկ դիւանագիտական թռիչքները պիտի առկախուին, մինչեւ որ Թուրքիա գոհացում գտնէ Հոլանտայի կողմէ։ Նաեւ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գործող Հոլանտայի հետ բարեկամութեան խմբակը պիտի լուծուի։
«Թուրքիա ասոնցմէ վնաս չի տեսներ։ Թուրքիա իր արժանապատուութիւնը կը պաշտպանէ, իսկ այս բոլորէն վնաս պիտի տեսնեն ո՛չ միայն Հոլանտան, այլ՝ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ։ Ասոնք ցոյց կու տան, որ Եւրոպա փլուզումի սեմին կը գտնուի։ Բարեկամաբար կ՛ուզեմ ազդարարել, որ Եւրոպա պէտք է միջոցներու դիմէ՝ կացութիւնը արժեւորելու ու ցեղապաշտութեան վերջ տալու համար», «խրատեց» Քուրթուլմուշ։
Իր կարգին, նախագահ Էրտողան հարցազրոյցի մը ընթացքին սպառնաց Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեան դիմել՝ թուրք նախարարներու քարոզչական հանդիպումները արգիլելու հարցին առնչութեամբ։ «Եւրոպա միջազգային իրաւունքը կը գործածէ միայն ա՛յն ատեն, երբ իրե՛ն յարմար է», յայտարարեց Էրտողան։
ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԱՅԱ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՃԱՊԱՐԵՑ ՀՈԼԱՆՏԱ ԵՐԹԱԼՈՒ
Թուրքիոյ ընտանեկան հարցերու նախարար Պեթուլ Քայայի նկատմամբ Հոլանտայի իշխանութիւններուն ցուցաբերած կոշտ վերաբերումը այժմ շատ մելան կը հոսեցնէ թրքական մամուլին մէջ։ Մամուլը նաեւ օրակարգի կը բերէ այս այցելութենէն մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ արտասանուած խօսքը, որ այժմ հարցականներ կը ստեղծէ։ Արդարեւ, Եըլտըրըմ հարցազրոյցի մը ընթացքին արտայայտուած էր Քայայի Հոլանտա այցելութեան ծրագիրին մասին, բայց ըսած էր, որ Հոլանտայի մէջ Մարտ 14ին ընտրութիւններ պիտի կատարուին, ուստի կը կարծէ, թէ կարելի չէ այդ թուականէն առաջ Հոլանտա այցելել ու հոն հանրահաւաք կազմակերպել։ Հիմա շատեր հարց կու տան, թէ Քայա ինչո՞ւ նկատի չառաւ վարչապետին թելադրութիւնը։
Միւս կողմէ, թրքական թերթեր կը գրեն, թէ Հոլանտա արտօնած էր, որ Մարտ 4ին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներ Լահէյի մէջ ցոյց կատարեն Թուրքիոյ դէմ ու սահմանադրական հանրաքուէին «ո՛»չ քուէարկելու ի նպաստ քարոզչութիւն կատարեն։ Նշուած կուսակցականներուն մէջ կայ նաեւ Կարօ Փայլանի անունը։