ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Դաշնակցութիւնը համակարգային փոփոխութեան վրայ դրած է իր գրաւը: Տարիներու հետեւողական աշխատանքի արդիւնք այս փոփոխութիւնները օրէնքի ուժով պիտի ամրագրէին երկրի առաւել ժողովրդավարացումը, ուժի միանձնեայ կեդրոնացման վերացումը:
Օրէնքը, սահմանադրական փոփոխութեամբ նուիրականացած նոր համակարգը, առաջին հարուածը ստացաւ ընտրական օրէնսգիրքի «ռէյթինկային» կոչուած նորարարութեամբ, որուն իբրեւ անմիջական արդիւնք՝ նախընտրական պայքարները ներկուսակցական լարուածութեան նոր յատկանիշ մը աւելցուցած են սովորական միջկուսակցական մրցակցութեան մթնոլորտին մէջ: Նոյն կուսակցութեան պատկանող թեկնածուները, մանաւանդ ցուցակի առաջին շարքերէն քիչ մը հեռու գտնուողները, մէկը միւսին դէմ լարող այս օրէնքը՝ դրամի ու միջոցներու տէր թեկնածուներուն բաշխած կաշառքներով դռները դարձեալ լայն կը բանայ Ազգային ժողով մտնել փափաքող օլիկարգներուն:
Օրէնքը նաեւ կրնայ հարուած ստանալ այլ անկիւններէ: Համակարգի փոփոխութիւնը իշխանաւոր անձերու ալ փոփոխութեամբ տեսնել փափաքողները կրնան յուսախաբ ըլլալ, պարզ այն պատճառով, որ քաղաքական կեանքի մէջ տարիներու «վաստակով» ուժ ու լծակներ ապահոված ոեւէ քաղաքական դէմք, գործիչ թէ իշխանաւոր, չի կրնար նոր ուժերու տեղ տալու ազնիւ մօտեցումով շարժիլ ու պարզապէս հեռանալ պետական կառոյցներէն: Համակարգային փոփոխութիւններուն քմծիծաղով մօտեցողները կրնան մեղադրել անոնց ջատագովները՝ իշխանութեան կառչած պաշտօնեաներուն համար օրինականութեան դրոշմով վերադարձի ճանապարհ մը բացած ըլլալու պատասխանատուութեամբ:
Բարեփոխումներու ճանապարհը հարթ տեսնելու ցանկութիւն ունեցողները կրնան յուսախաբ ըլլալ, բնակա՛ն է: Բարեփոխումներու, այն ալ՝ համակարգային տարողութեամբ փոփոխութիւններու իրականացումը, մէկ ընտրապայքարէ անդին՝ շա՜տ աւելի վճռական ու անշրջելի գործընթացներով միայն յուսալի արդիւնքներու կրնայ հասնիլ: